«ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ԲԱՑ ԴՈՒՌ»
Ամրան, շուրջ երկու ամիս, Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն ներս կազմակերպուած էր «Հայաստան. բաց դուռ» խորագիրով ցուցահանդէսը՝ նուիրուած Մեծ Հայրենադարձութեան 80-ամեակին (1946-1949)։
Ցուցահանդէսը կազմակերպուած եւ իրականացած էր Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի եւ «Ֆակտում» փաստագրական կեդրոնի համագործակցութեամբ։ Նախաձեռնողները՝ Տիգրան Պասկեւիչեանն ու Սաթենիկ Ֆարամազեանը։ Տիգրան Պասկեւիչեանի վաստակը այս ուղղութեամբ շատերուն յայտնի է։ Տարիներէ ի վեր ան կ՚աշխատի Մեծ Հայրենադարձութեան ուսումնասիրութեամբ, կը հաւաքէ լուսանկարներ, փաստաթուղթեր, նամակներ, մամուլի նիւթեր, կը պատրաստէ փաստագրական տեսանիւթեր եւ կը փորձէ պահպանել ու թուայնացնել այնպիսի ժառանգութիւն մը, որ եթէ այսօր չպահուի, վաղը կրնայ ընդմիշտ կորսուիլ։ Այս աշխատանքը պարզապէս անցեալի մէջ պատահած դէպքի կամ իրադարձութեան փաստագրութիւնը չէ, այլ՝ մեր հաւաքական յիշողութեան վերականգնումն է:
Մեզմէ շատեր կը կարծեն, թէ Մեծ Հայրենադարձութեան մասին շատ բան գիտեն։ Կը կարծեն, թէ գիտեն՝ ինչո՛ւ հայերը եկան, քանի՛ հոգի եկան, ինչպէ՛ս կազմակերպուեցաւ ներգաղթը։ Բայց, երբ սկսինք ուսումնասիրել այդ շրջանը՝ կը հասկնանք, որ մեր գիտցածը ընդամէնը արտաքին կեղեւն է։ Ներսը ուրիշ պատմութիւն մը կայ։ Եւ այդ պատմութիւնը շատ աւելի բարդ է, քան հայրենադարձութեան մասին մեզի փոխանցուած պարզ ու «գեղեցիկ» շղարշով ներկայացուած պատմութիւնը։
2 սեպտեմբեր 2026-ին՝ ցուցահանդէսին վերջին օրը, առիթն ունեցայ այցելել «Հայաստան. բաց դուռ» քեսապցի ընկերոջս՝ Վահան Մանճիկեանին հետ։ Երկուքս ալ հայրենադարձ…։
Տարիներ առաջ այս նիւթին վրայ աշխատած էի թուղթի վրայ՝ թերթերու, պարբերականներու եւ արխիւներու միջոցով։ Կարդացած էի նամակներ, տեղեկութիւններ, վկայութիւններ։ Բայց այն ատեն այդ բոլորը թուղթ էր։ Այստեղ, սակայն, թուղթը կենդանացաւ։ Նկարները սկսան խօսիլ։ Նամակները սկսան ձայն ունենալ։ Անունները դարձան մարդիկ։ Եւ պատմութիւնը, որ տարիներ առաջ ուսումնասիրած էի, յանկարծ կանգնած էր դիմացս։ Նկարներ։ Նամակներ։ Տեղեկագիրներ: Տարբեր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ժողովներ։ Սփիւռքահայեր, որոնք դրամ կը հաւաքեն հայրենիք գալու համար։ Նիւ Եորքի, Պէյրութի, Սուրիոյ, Փարիզի, Պարսկաստանի եւ այլ քաղաքներու ու երկիրներու մէջ մարդիկ կը խօսին Հայաստանի մասին, կը ծրագրեն վերադարձը, կը սպասեն… Անոնք հայրենիք կու գան, հայրենիք կը վերադառնան։
Բայց ինչո՞ւ։ Որովհետեւ 1946-1949-ի Հայաստանը անոնց երեւակայութեան մէջ այն Հայաստանն էր, որ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն յաղթական դուրս եկած հզօր Խորհրդային Միութեան մէկ մասն էր։ Տարագրութենէն ետք աշխարհի չորս կողմը ցրուած հայը կը տեսնէր Խորհրդային Հայաստանը եւ կը հաւատար, թէ վերջապէս հայրենիքը ուժեղ է, ապահով է, իր դռները բացած է։ Սակայն, հայրենիք վերադառնալէ ետք, նոյն ոգեւորուած հայը նկատեց, թէ՝ հայրենիքը իր պատկերացուցած դրախտը չէր։ Կային բնակարանային խնդիրներ, աշխատանքի դժուարութիւններ, սնունդի պակաս, կենցաղային անտանելի պայմաններ, վարչական խոչընդոտներ, ճնշումներ եւ սպառնալիքներ, իսկ ամենէն խորքայինն ու դժուարը՝ զիրար չհասկնալու իրողութիւնը։ Սփիւռքէն եկած հայը մէկ կողմէ իր հետ բերած էր հայրենիքի մասին իր երազը, միւս կողմէ՝ այնպիսի փորձառութիւն մը, որուն համար Խորհրդային իրականութիւնը պատրաստ չէր։
Ու մարդիկ սկսան գրել։ Գրել՝ նամակներ։ Բողոքներ։ Դժգոհութիւններ: Խնդրանքներ։ Սկսան պատմել իրենց ապրած դժուարութիւններուն մասին։ Այդ միջոցով անոնք կը փորձէին իրենց ձայնը հասցնել տարբեր հայրենիքէն դուրս։
Բայց Խորհրդային Միութեան մէջ բողոքելը պարզապէս բողոք չէր։ Բողոքողը կրնար դառնալ կասկածելի։ Կասկածելին՝ մեղաւոր։ Մեղաւորը՝ թշնամի։ Եւ հայրենադարձներէն ոմանք աքսորուեցան Սիպիր, ո՛չ միայն աքսորուեցան, այլեւ նոյնիսկ իրենց կեանքը կորսնցուցին…
Սիպիր անունը միշտ լսած էի, մեծ հօրս եղբայրն ալ հայրենադարձ էր…։ Սիպիր անունը առաջին անգամ նախքան պատմութեան դասերէն լսելու, լսած էի մերիններէն, որովհետեւ մեծ հօրս եղբօր տղաքը իրենց ընտանինքերով այնտեղ կ՚ապրէին՝ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք… (այս ալ իր հերթին ուրիշ պատմութիւն): Բայց ցուցահանդէսին մէջ առաջին անգամ զգացի, որ այդ անունը աշխարհագրական վայր մը չէ միայն։ Սիպիրը այստեղ «իրականութիւն» էր։
Ցուցահանդէսի առանձին բաժին մը նուիրուած էր աքսորուածներուն։ Նկարներ։ Տեսանիւթեր։ Մարդիկ, որոնք ցեխի, ջուրի ու ցուրտի մէջ տուն կը շինեն։ Մարդիկ, որոնք հսկայ ծառեր կը կտրեն։ Մարդիկ, որոնք հայրենիք եկած էին, բայց յայտնուած էին աշխարհի միւս ծայրը՝ անմարդկային պայմաններու դէմ յանդիման։ Ոմանք իրենց կեանքը կորսնցուցին, ուրիշներ յաջողեցան «վերադառնալ» հայրենիք։
Այս պատմութիւնը պէտք է պատմել ո՛չ թէ հայրենադարձութիւնը սեւցնելու համար, ո՛չ ալ անցեալը քաղաքական հաշիւներու համար օգտագործելու նպատակով, ինչը ներկայիս սովորոյթ դարձած է։ Ո՛չ, այդ դրդապատճառներով չէ՛, որ պէտք է անդրադառնալ այս իրողութեան, այլ՝ որովհետեւ պատմական այդ ճշմարտութիւնը մե՛րն է եւ մենք պէտք է ուժ գտնենք մեր պատմութիւնը սիրել նաեւ այն ատեն, երբ ան հաճելի չէ։
Հայրենադարձութիւնը, արդարեւ, միայն յուսախաբութեան պատմութիւն չէ։ Ցուցահանդէսին մէջ Սիպիրի ծանր պատկերներէն ետք յանկարծ կը սկսին թերթուիլ անուններ. Գրողներ։ Երգիչներ։ Դերասաններ։ Գիտնականներ։ Մտաւորականներ։ Եւ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահը։ Բոլորը՝ 1946-1949 թուականներու հայրենադարձներ։
Այստեղ դէմ յանդիման կը կանգնիս հակասութեան ամբողջ խորութեան եւ միտքիդ մէջ կ՚ուրագծուին այդ հակասութիւնը կարենալ հասկնալու նուրբ թելերը։ Նոյն հայրենադարձութիւնը, որ ոմանց համար դարձաւ աքսոր ու տառապանք, ուրիշներու համար դարձաւ նոր կեանքի սկիզբ եւ Հայաստանի մշակութային, գիտական ու հասարակական կեանքի կարեւոր էջ։
Պատմութիւնը սեւ ու սպիտակ չէ։ Պատմութիւնը մարդոց կեանքն է։ Եւ այդ կեանքի մասին պէտք է անդրադառնալ:
Անդին, երբ այսօր հայրենադարձութեան մասին կը խօսինք, պէտք է հասկնանք, որ մեր ժողովուրդին համար հայրենադարձութիւնը միայն 1946-1949 թուականներու երեւոյթ մը չէ։ Մեր ժողովուրդին պատմութիւնը անդադար վերադարձի եւ անդադար տեղահանութեան պատմութիւն մըն է։ Այս ապրումներու եւ մտածումներու տարափին տակ ցուցահանդէսին խորագիրը՝ «Հայաստան. բաց դուռ» ամբողջութեամբ ուրիշ կերպարով կը ներկայանայ։
Հայաստան. բաց դուռ։ Որո՞ւ կամ որո՞նց համար։
Այս հարցումը այսօր կը յուզէ ո՛չ միայն վերջին տասնամեակներուն հայրենդարձ եղողները, այլեւ, աւելի կը յուզէ արտասահմանի մէջ ապրող հայերը, որոնք կը մտածեն ու կը փափաքին վերադառնալ հայրենիք:
Մեծ Հայրենադարձութեան պատմութիւնը, արդարեւ, կը ստիպէ մեզի մտածել ո՛չ միայն այն անցեալի մասին, այլ՝ թէ ներկայիս ի՞նչ կրնանք տալ մեր հայրենիքին, աւելին՝ ի՛նչ հայրենիք կ՚ուզենք ունենալ։
«Հայաստան. բաց դուռ» ցուցահանդէսը պարզապէս անցեալի ցուցահանդէս մը չէր, այլ կամուրջ մը ներկային կապող եւ դէպի ապագայ ընթացող: Հայելի մը, որու մէջ կ՚արտացոլային մեր նախնիները, միւս կողմէ այսօրուան մեր իրականութիւնը, որ անորոշ քայլերով դէպի ապագայ կ՚ընթանայ… Նոյն այն անորոշութեամբ, որ Մեծ Հայրենադարձութեան ժամանակ շատեր իրենց քայլերը ուղղեցին դէպի հայրենիք…
Ցուցահանդէսէն դուրս գալով՝ երկար ժամանակ մտածեցի այս բոլորին մասին։ Ու հասկցայ, որ հայրենադարձութեան պատմութիւնը տակաւին չէ աւարտած: Չէ՛ աւարտած, որովհետեւ ինչպէս վերը նշեցի Վահանն ու ես ալ հայրենադարձներ ենք, եւ մեր նման շատ շատեր վերջին տարիներուն եկած ու հաստատուած են հայրենիքի մէջ, որովհետեւ հայրենիքի փնտռտուքը իւրաքանչիւր սփիւռքահայու մէջ է եւ այդպէս պէ՛տք է ըլլայ, որովհետեւ ըստ իս, հայուն համար Այբն ու Քէն պէտք է հայրենիքը ըլլայ, Հայաստանը, իր լաւութեամբ ու գէշութեամբ։
Ճիշդ է, որ վերջին տարիներուն հայրենիքի վիճակը այդքան ալ բարօր չէ, այդքան ալ կայուն եւ ապահով չէ, շնորհիւ խումբ մը բախտախնդիրներու, սակայն, այս մէկը պատճառ պէտք չէ դառնայ, որ մենք դադրինք հայրենիք փնտռելէ, պէտք չէ դադրինք մեր միտքերուն մէջ կառուցած Հայաստանը իրականութիւն դարձնելէ: Իսկ որպէսզի այդ իրականութիւն դառնայ, պէտք չէ դադրինք փնտռելէ ու գտնելէ զայն:
Ուրախ եմ, որ թէեւ վերջին օրը, բայց յաջողեցայ այցելել ցուցհանդէս, հակառակ այն իրողութեան, որ յարգարժան պրն. Պասկեւիչեանը ցուցահանդէսի բացումին նախօրեակին հրաւիրած էր ներկայ գտնուելու, բայց…
Ուրախ եմ, որ յաջողեցայ այցելել, որովհետեւ ճիշդ է, որ ցուցահանդէսը փակուեցաւ, բայց վստահ եմ, որ անոնք որոնք առիթ ունեցան այցելելու զայն, իրենց մտահորիզոնին մէջ պատմութեան նայելու նոր դուռ մը բացուեցաւ. դուռ մը, որ նոր հորիզոններ կը բանայ մեր դիմաց: Դուռ մը, որու դիմաց այսօր պարտաւոր է կանգնիլ մեզմէ իւրաքանչիւրը, մտածէ, խորհրդածէ, վերյիշէ Մեծ Հայրենադարձութեան հերոսները, որոնք երազելով Հայաստանի մասին, եկան Հայաստան, հակառակ իրենց կրած բոլոր տառապանքներուն: Եւ այսօր, մեր պարտականութիւնը ո՛չ թէ միայն երազել պէտք է ըլլայ Հայաստան վերադառնալու, այլ այդ երազը իրականութիւն դարձնելու:
Հայաստան վերադառնալով ալ պէտք չէ բաւարարուինք, այլ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր կարելիութիւններու չափ պիտի փորձէ ստեղծել այն Հայաստանը, որու մասին երազած է: Ստեղծել այնպիսի Հայաստան մը, որ մեր զաւակները չմտածեն լքել, այլ ապրին, արարեն եւ հզօրացնեն զայն: Ստեղծել այնպիսի Հայաստան մը, ուր չտիրապետէ երեւանցին, արմավիրցին, արցախցին, վանաձորցին, սփիւռքահայը, պարսկահայը, սուրիահայը, այլ՝ միակ տիրապետողը ըլլայ ՀԱՅը եւ միայն ՀԱՅը:
Արդարեւ, մեզ բաժնող կամ տարբերող բոլոր անուններէն, տեղանուններէն ու տարբեր պատկանելիութիւններէն վեր կայ միայն կոչում մը՝ ՀԱՅ։ Այս կոչումին շուրջ միացած՝ պէտք է կարենանք կառուցել այն Հայաստանը, որուն դուռը մեր նախահայրերը երազեցին բաց տեսնել եւ, որ այսօր մեր սերունդին պարտականութիւնն է պահել բաց՝ մեզի ու գալիք սերունդներուն համար։
Աւարտին, առանձնայատուկ գնահատանքի արժանի են Տիգրան Պասկեւիչեանն ու իրեն սատարողները, որոնք տարիներու հետեւողական ու նուիրեալ աշխատանքի շնորհիւ, Մեծ Հայրենադարձութեան ցրուած ու մոռացութեան մատնուելու վտանգին ենթակայ վկայութիւնները հաւաքելով՝ զանոնք վերածեցին մեր հաւաքական յիշողութեան կենդանի ժառանգութեան։ Այսպիսի նախաձեռնութիւնները ո՛չ միայն անցեալը կը պահպանեն, այլ կը պարտաւորեցնեն մեզ աւելի խորութեամբ ճանչնալ մեր պատմութիւնը, վերարժեւորել հայրենադարձութեան սերունդներու վաստակը, տառապանքն ու ապրած դժուարութիւնները եւ այդ ժառանգութիւնը փոխանցել գալիք սերունդներուն։
14 սեպտեմբեր 2026,
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վաղարշապատ