ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ ԱՅՑԵԼԱԾ ՀԻՒՐԵՐԸ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՅԱՅՏՆԵՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ «Ամրոց» հիմնադրամին կողմէ կազմակերպուած միջազգային համաժողովի մասնակիցները: «Նոյան երկիր. Քրիստոնէութիւնը յետարդիականացումէ վերջ» խորագրուած էր այս համաժողովը:

«Ամրոց» հիմնադրամի հիմնադիր ու հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Մանուկ Հերկնեան հանդիպման սկիզբին Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց Հաղարծինի վանական համալիրէն ներս նախատեսուած համաժողովի մասնակիցները: Ան շեշտեց, որ զանազան երկիրներէ փութացած մասնագէտները կը ներկայացնեն շարք մը ոլորտներ: Այդ գործիչները համախմբուած են՝ քրիստոնէական հաւատքի լոյսին ներքեւ քննարկելու համար ժամանակակից մարտահրաւէրները եւ որոնելու համար յաղթահարման ուղիները։ 

Նորին Սրբութիւնը օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց ներկաներուն՝ ողջունելով նման համաժողովի մը կազմակերպումը՝ քրիստոնէական հարուստ ժառանգութեան տէր Հայաստանի մէջ։ Ան անդրադարձաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կարեւոր առաքելութեան հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս՝ ընդգծելով Եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը քրիստոնէական հաւատքի զօրացման, ազգային ինքնութեան կերտման ու պահպանման գործին մէջ։  

Ըստ Նորին Սրբութեան՝ Քրիստոսի լուսաւոր պատգամներուն հաւատարիմ հայ ժողովուրդը ոգիի արիութեամբ դիմագրաւած է պատմութեան ընթացքին իրեն բաժին հասած ծանրագոյն փորձութիւնները՝ կերտելով հարուստ մշակոյթ եւ սերունդներուն աւանդելով հոգեւոր ու ազգային անանց արժէքներ։ Վեհափառ Հայրապետը նկատեց, որ հաւատքը այսօր եւս ամուր յենարան մըն է եւ առկայ մարտահրաւէրները յաղթահարելու ճանապարհին կարեւորեց արդի աշխարհէն ներս գիտաթեքնիք յառաջընթացին զուգահեռ՝ քրիստոնէական արժէքներու ամրապնդման եւ մարդու հոգեւոր ու բարոյական աճի հրամայականը, որպէսզի գիտութեան նուաճումները ծառայեն անհատի եւ հասարակութեան բարօրութեան։ 

Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը համաժողովի մասնակիցներուն մաղթեց արդիւնաւէտ աշխատանք՝ յոյս յայտնելով, թէ քննարկումները կը նպաստեն քրիստոնէական արժէքներու տարածման եւ հանրային կեան-քէ ներս անոնց կենսագործման:

Միւս կողմէ, նոյնպէս երէկ, Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Save Armenia» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ գործադիր տնօրէն տքթ. Փոլ Միւրէյի։ 

Ողջունելով հիւրերուն այցելութիւնը համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն՝ Նորին Սրբութիւնը օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց պատուիրակութեան անդամներուն՝ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութեան, առկայ հիմնախնդիրներու միջազգային հարթակներու վրայ բարձրաձայնման համար։

Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Արցախէն բռնի տեղահանուած հայոց իրաւունքնրու պաշտպանութեան հրամայականին, Ատրպէյճանէ ներս ապօրինաբար պահուած հայ գերիներու եւ պատանդներու շուտափոյթ ազատ արձակման անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ Արցախի հայկական հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ իւրացման քաղաքականութեան՝ կարեւորելով այս առնչութեամբ միջազգային իրաւասու կառոյցներու, քոյր եկեղեցիներու եւ քրիստոնէական կազմակերպութիւններու առաւել գործօն հասցէական արձագանգը։ 

Այս համատեսքին մէջ ան անդրադարձաւ տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն: Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց, որ իրական եւ տեւական խաղաղութիւնը պէտք է խարսխուած ըլլայ արդարութեան, ճշմարտութեան, մարդկային արժանապատուութեան, կրօնական ազատութեան եւ ժողովուրդներու հիմնարար իրաւունքներու նկատմամբ յարգանքի վրայ։

Հիւր պատուիրակութեան անդամները, իրենց հերթին, բարձր գնահատեցին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դարաւոր հոգեւոր եւ ազգապահպան առաքելութիւնը, նաեւ պատմական ծանրագոյն փորձութիւններու պայմաններուն ներքեւ համաքրիստոնէական աշխարհին բերած հաւատքի աննահանջ վկայութիւնը։ Անոնք ընդգծեցին, որ Հայաստանի եւ Հայոց Եկեղեցւոյ քրիստոնէական հարուստ ժառանգութիւնը պէտք է առաւել ճանչցուած եւ ըստ արժանւոյն գնահատուած ըլլայ միջազգային հանրութեան կողմէ: Ուստի, անոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին շարունակելու համար իրենց ջանքերը՝ միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ հայ ժողովուրդի եւ Հայոց Եկեղեցւոյ ձայնը լսելի դարձնելու ուղղութեամբ։ Պատուիրակութեան անդամները ներկայացուցին նաեւ հայ գերիներու իրաւունքներու խախտումներու, Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան դէմ ոտնձգութիւններու վերաբերեալ իրենց նախաձեռնած իրազեկման աշխատանքները։ Պատուիրակութեան անդամները նաեւ Վեհափառ Հայրապետը հաւաստիացուցին, թէ հետեւողական պիտի բարձրաձայնեն հայ գերիներու խնդիրը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական կառոյցներուն մօտ եւ միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերու հետամուտ համապատասխան մարմիններու առջեւ։ 

Հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան նաեւ նոր սերունդի քրիստոնէական դաստիարակութեան, երիտասարդներու հոգեւոր կեանքի եւ հաւատքի զօրացման, ինչպէս նաեւ ատելութեան ու թշնամանքի յաղթահարման եւ ժողովուրդներու միջեւ արդարութեան հաստաման շուրջ։ 

Հանդիպման աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը պատուիրակութեան անդամներուն մաղթեց արդիւնաւոր առաքելութիւն՝ հայցելով Աստուծոյ օրհնութիւնն ու զօրակցութիւնը իրենց առաքելութեան մէջ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 19, 2026