ՆԵՐՔԻՆ ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուսին դարձի եւ ապաշխարութեան կոչը, նախ եւ առաջ նկատի կ՚առնէ մարդուն ո՛չ թէ արտաքին գործերը, այլ սրտին դարձը եւ ներքին ապաշխարութիւնը։
Արդարեւ, «ներքին ապաշխարութիւն»ը մարդկային ամբողջ կեանքին արմատական-հիմնական ուղեփոխում մըն է՝ կեանքի ընթացքի փոփոխութիւն մը, ամբողջ սրտով, անկեղծ վերադարձ մը, հոգեփոխում մը դէպի ճշմարիտը, դէպի բարին եւ դէպի գեղեցիկը, որ է՝ դէպի Աստուած։