Հոգե-մտաւոր

ԽԱՌՆ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու մէջ, տար­բեր դա­ւա­նանք­նե­րու՝ մրկտուած ուղ­ղա­փառ եւ կա­թո­ղի­կէ քրիս­տո­նեա­նե­րու մի­ջեւ «խառն ա­մուս­նու­թեան» պա­րա­գա­ներ կը ներ­կա­յա­նան բա­ւա­կան յա­ճա­խա­կի կեր­պով։ Ա­սի­կա ա­մու­սին­նե­րուն եւ հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րուն յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւ­նը կը պա­հան­ջէ։

ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՊԱՅՄԱՆԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Իր լայն ա­ռու­մով «բա­րե­կա­մու­թիւն» կը ստեղ­ծուի այն ա­տեն՝ երբ մէ­կը իր ինք­նա­մո­լու­թե­նէն եւ անձ­նա­սի­րու­թե­նէն կը պար­պուի եւ կը լե­ցուի դի­մա­ցի­նին ան­ձո­վը, կամ կը նոյ­նա­նայ ա­նոր հետ։ Ար­դա­րեւ ա­մէն ժա­մա­նակ­նե­րու «ոս­կի կա­նոն»ն է՝ վա­րուիլ մէ­կու մը հետ այն­պէս՝ ի՛նչ­պէս որ մարդ կ՚ու­զէ որ ու­րի­շը վա­րուի ի­րեն հետ։

«Է­ՍԱԵԱ­ՆԻ Ո­ԳԻՆ»

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

4 ՅՈՒ­ՆԻՍ 2016, Շա­բաթ, Է­սաեան վար­ժա­րա­նի «ԲԱ­ԺԱ­ԿԻ ՕՐ» է։ Յի­շա­տակ­նե­րու վե­րա­կոչ­ման, ո­գե­ւոր եւ խան­դա­վառ օր մը՝ բո­լոր ա­նոնց հա­մար, որ Է­սաեան վար­ժա­րա­նէն յի­շա­տակ մը ու­նին, ապ­րուած կեանք մը, սի­րոյ եւ ջերմ զգա­ցում­նե­րու շրջան մը, որ անջն­ջե­լի դրոշմ մը թո­ղած է ի­րենց հո­գիին խո­րը։

ՍՈՒՐԲ ԳՐՈՑ ՄԷՋ ԲՈՅՍԵՐ - Ե -

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Գիր­քի մէջ յի­շուած ծա­ղիկ­նե­րու մա­սին ամ­փոփ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տալ կը շա­րու­նա­կենք։ Սաղ­մո­սաց գիր­քին մէջ Սաղ­մո­սեր­գուն կ՚ը­սէ. «Ար­դա­րը ար­մա­ւե­նիի պէս պի­տի ծաղ­կի, Լի­բա­նա­նի ե­ղեւ­նիի պէս պի­տի մեծ­նայ». (Սաղ­մո­սաց ՂԲ 12)։ Կը տես­նուի, որ ծա­ռե­րու եւ ընդ­հան­րա­պէս բոյ­սե­րու յատ­կու­թիւն­նե­րը շատ գե­ղե­ցիկ օ­րի­նակ են ար­դա­րին, այ­սինքն՝ բա­րե­պաշտ մար­դուն, բնա­ւո­րու­թեան, նկա­րագ­րին եւ օգ­տա­կա­րու­թեան։

ՏՕՆ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

29 Մա­յիս, Կի­րա­կի, Սուրբ Էջ­միած­նի Կա­թո­ղի­կէ Ե­կե­ղեց­ւոյ տօնն է։ Այ­սօր Հա­յաս­տա­նեայց Ե­կե­ղե­ցին կը տօ­նախմ­բէ Սուրբ Էջ­միած­նի Կա­թո­ղի­կէ Մայր Տա­ճա­րի հիմ­նադ­րու­թեան տօ­նը՝ որ­պէս խորհր­դա­նիշ Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի փա­ռա­ւոր տե­սիլ­քին։

ՄԱՐԴԱՊԱՇՏԱԿԱՆ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Մար­դա­պաշ­տու­թիւն» կամ «մարդ­կայ­նու­թիւն»՝ «humanisme» կը նշա­նա­կէ՝ մար­դը պաշ­տող, ա­նոր հան­դէպ մեծ ու չա­փա­զանց սէր ցոյց տուող տե­սու­թիւն, «մար­դա­դա­ւա­նու­թի՛ւն»։ «The Christian Century» շա­բա­թա­թեր­թի խմբագ­րա­կան­նե­րու մէջ կը հան­դի­պինք հար­ցու­մի մը՝ որ կը հարց­նէ. «Ի՞նչ է մար­դը»։

Էջեր