ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒ ՕՐԻՆԱԿՈՎ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Իգնատիոս Անտիոքացի կ՚ըսէ, թէ՝ երէցները իբրեւ Աստուծոյ խորհուրդին անդամները եւ իբրեւ առաքեալներուն համախումբը՝ առանց անոնց կարելի չէ՛ Եկեղեցիի մը մասին խօսիլ։ Ուստի «ձեռնադրուած պաշտօնատար»ին եկեղեցական ծառայութեան մէջէն՝ Քրիստոս Ի՛նքն է որ ներկայ է Իր Եկեղեցւոյ մէջ իբրեւ Գլուխ՝ Իր Մարմինին, իբրեւ Հովիւ՝ Իր հօտին, Քահանայապետ՝ փրկչագործ զոհին եւ Վարդապետ՝ ճշմարտութեան։ Այս իմաստով, քահանան կը գործէ յանձին Քրիստոսի։