ՊԱՏԿԵՐԱՑՆԵԼ ՇԱՀԵՐԸ
«Բարիդրացիութիւն, տարածքային ամբողջականութիւն, ասոնք շատ լաւ խօսքեր են։ Ի՞նչ կը նշանակէ «դրական ազդակ»՝ Անգարայի տեսանկիւնէն եւ Երեւանի տեսանկիւնէն։ Չեմ կարծեր, թէ այդ տեսանկիւնները այսօր ստեղծուած իրավիճակին կը համընկնին։ Լաւ է, որ խաղաղութեան մասին կը խօսուի, լաւ է, որ բանակցային գործընթացի մը սկսելու ակնարկներ կան, սակայն, պէտք է զգոյշ վերաբերիլ։ Խաղաղութիւնը միշտ ողջունելի բան է, բայց պէտք է հասկնալ, թէ ի՛նչ գին կը վճարես անոր համար»:
Դեսպան Դաւիթ Յովհաննիսեան. «Թուրքիոյ համար երրորդական նշանակութիւն ունին Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները։ Հայ-թրքական յարաբարութիւնները Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ յարաբերութիւններ են։ Թուրքիոյ կողմէ դրական ազդակներ կ՚ըլլան, եթէ Հայաստան համաձայն գտնուի միջանցքին: Դրական ազդակներ կ՚ըլլան, եթէ Հայաստան ընդունի Ատրպէյճանի առաջարկած խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծը: Արդեօք Հայաստան կրնա՞յ համաձայնիլ այդ բանին: Արդեօք այն ուժերը, որոնք շահագրգռուած են տարածքաշրջանի իրավիճակով, կրնա՞ն համաձայնիլ, որ նման պայմաններու համաձայնի Հայաստան: Պատերազմին ո՛վ ինչի հասաւ, Թուրքիա իսկապէս շահած է»:
Լուտվիկ վան Պեթհովենի 10-րդ սիմֆոնին աւարտին հասած է հանճարեղ յօրինողի մահէն 194 տարի վերջ։ «Daily Mail»ի հաղորդմամբ՝ ստեղծագործութիւնը աւարտին հասցուած է արհեստական բանականութեան օգնութեամբ:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Հռոմէն.-
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ամբողջ կշիռը ի գործ կը դնէ՝ միջազգային հաւաքականութեան եւ համաքրիստոնէական ընտանիքին ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար՝ յետպատերազմեան շրջանին Հայաստանի եւ Արցախի կողմէ դիմագրաւուած ծանր մարտահրաւէրներուն վրայ, գերիներու ազատ արձակումով հանդերձ:
Լեռնային Ղարաբաղի երկրորդ պատերազմին յաջորդած իրադրութեան մէջ տարածքաշրջանի դերակատարներուն միջեւ խտացեալ շփումները կը շարունակուին։ Երէկ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Հռոմէն.-
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը Հռոմի շփումներուն ընթացքին միշտ կ՚ընդգծէ յետպատերազմեան պայմաններով Հայաստանի կողմէ դիմագրաւուած մարտահրաւէրները:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ իր մահկանացուն կնքած է հայկական դիւանագիտութեան երիցագոյն ներկայացուցիչներէն մին՝ դեսպան Վիգէն Չիտէճեան։ Հայաստանի նորագոյն անկախութեան ձեռքբերման շրջանին կարեւոր պետական պաշտօններ, բարձր պատասխանատուութիւններ ստանձնած անձնաւորութիւն մըն էր Վիգէն Չիտէճեան։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։ Քաղաքապետութեան համալիրէն ներս երկու հայրապետները ողջագուրուեցան եղբայրաբար։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան կը տեղեկացնէ Հռոմէն.-