ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 2022 թուականի առաջին ամիսներուն Արցախի վերաբերեալ նախաձեռնութիւնով մը հանդէս պիտի գայ։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 2022 թուականի առաջին ամիսներուն Արցախի վերաբերեալ նախաձեռնութիւնով մը հանդէս պիտի գայ։
2022 թուականին Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ՍԾՏՀԿ) կը դառնայ 30 տարեկան։ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն վերջ, պաղ պատերազմի աւարտով ստեղծուած իրադրութեան պայմաններուն ներքեւ, Անգարայի նախաձեռնութեամբ հիմնադրուած էր այս կազմակերպութիւնը։
2021-ի արդէն վերջին օրերուն «ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարը համալրուեցաւ վեցերորդ հատորով. «Դէպի Էջմիածին երթուդարձի նօթեր»: Հոգելոյս Թորոս Ազատեանի յօդուածաշարքը կողքի մը տակ հրատարակութեան պատրաստուած է բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի մանրակրկիտ աշխատանքով:
Մեկենաս ընտանիքը այս յատկանշական գործը ձօնած է հոգելոյս Ռուբէն Տէրողորմեաճեանի անթառամ յիշատակին:
Երէկ, Ատրպէյճանէն եւս հինգ հայ ռազմագերի վերադարձաւ Հայաստան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս անգամ գերիներու վերադարձը իրականացուած է Հունգարիոյ կառավարութեան միջնորդութեամբ։
Պէշիկթաշի քաղաքապետութիւնը վաղը գիշեր համերգ մը կազմակերպած է Ամանորի առթիւ։ 2022 թուականը դիմաւորելու նպատակով, քաղաքապետարանի նախաձեռնութեամբ վաղը երեկոյեան Պարպարոս հրապարակին վրայ հանդէս պիտի գան երկու յայտնի մենակատարներ՝ Էտիս եւ Օզան Տողուլու։
«Մեր իրականութեան մէջ երբ որ պառակտուած ըլլայ սահմանափակ թիւով ու ներուժով համայնք մը, ապա անխուսափելիօրէն դժուարութիւններ կը յառաջանան՝ իր ծոցին մէջ պահուած մշտական արժէքներու սնման ու յարատեւման տեսակէտէ։ Դժբախտաբար, ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը որոշ մարդոց աչքին փուշ դառնալ սկսաւ»:
Արա Գօչունեան. «Այս տագնապը յաղթահարել կ՚ուզենք՝ մնալով անկախ լրատուամիջոց, որպէսզի հայ հաւաքական մտքի խմորումներուն մէջ Պոլսոյ ներդրումը շարունակուի, Պոլսոյ ձայնը չմարի»:
Գանատահայ մամուլին մէջ կը շարունակուին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դիմագրաւած տագնապին վերաբերեալ ահազանգին արձագանգները։ Մոնրէալի «Ապագայ» շաբաթաթերթը որոշած է Ամանորի բացառիկին մէջ անդրադառնալ այս խնդրին եւ ընդգծել իր զօրակցութեան տրամադրութիւնները։
Թուրքիա-Հայաստան բնականոնացման գործընթացի վերաբերեալ վարկածները ռուս վերլուծաբաններու ուշադրութեան առարկայ:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ Սեն Փեթերսպուրկի մէջ երէկ մասնակցեցան ԱՊՀ-ի երկիրներու ղեկավարներու անպաշտօն գագաթաժողովին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Առաջին տիկին Նունէ Սարգսեան երէկ «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն այցելեցին՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօնին ընդառաջ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի եւ Ատըրպէյճանի ղեկավարներու վերջին ուղղակի հանդիպման լոյսին տակ։ Այս առթիւ Մոսկուա տեղեկացուց, որ կը դիտարկուի Հարաւային Կովկասէ ներս ցամաքային փոխադրութեան եւ երկաթուղային կապերու ապաշրջափակումը։