Լրահոս

ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍ

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ պատմաբան ու դիւանագէտ Ժիրայր Լիպարիտեանի կողմէ հեղինակուած «Հայաստան-Թուրքիա. պետականութիւն, պատմութիւն, քաղաքականութիւն» գիրքին շնորհանդէսը։ Այս հետաքրքրական գործը վերջերս «Անտարես» հրատարակչութենէն լոյս տեսած էր։

ՃԱՆԱՊԱՐՀԱՅԻՆ ՔԱՐՏԷՍ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Փարիզ, ուր երէկ տեսակցեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ լը Մուանի հետ։ Այս առթիւ ստորագրուեցաւ Հայաստան-Ֆրանսա տնտեսական համագործակցութեան 2021-2026 թուականներու ճանապարհային քարտէսը։

ԷՐՏՈՂԱՆ-ՌԱՅԻՍԻ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպարհիմ Ռայիսիի հետ։ Թեհրանի աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները առաջնահերթօրէն քննարկեցին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վերաբերեալ հարցերը։

ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎ

Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ Հարաւային Կովկասի համար Թուրքիոյ կողմէ առաջարկուած եւ Ռուսաստանի աջակցութեան արժանացած «3+3» ձեւաչափով հարթակի ստեղծման ուղղեալ աշխատանքները այսօր նոր հարթութիւն կը թեւակոխեն։ Արդարեւ, Մոսկուայի մէջ այսօր նախատեսուած է սոյն ձեւաչափով առաջին հանդիպումը՝ արտաքին գործոց փոխ-նախարարներու մակարդակով։

ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՍԱՐՔ

Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ «Մուրացան» հիւանդանոցը համալրուած է նոր սարքաւորումներով։ Համալսարանի համալիրին մաս կը կազմէ այս հիւանդանոցը, որու թունաբանութեան ու մանկական վերակենդանացման բաժանմունքին համար ապահովուած է՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ արտադրուած մասնաւոր խցիկ մը։

ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱԼԻՔ

Հայ մամլոյ նահապետին մատնուած բախտորոշ կացութիւնը աննախընթաց շարժումի մը ծնունդ տուած է զանգուածային լրատուութեան միջոցներու աշխարհէն ներս:
ԺԱՄԱՆԱԿ-էն հնչած ահազանգին արձագանգեցին «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթն ու «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը՝ ընդգծելով առկայ մարտահրաւէրներուն լրջութիւնը:

Էջեր