ՈՉ ԵՒՍ Է ԳԱՆԱՏԱՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ԳՈՐԾԻՉ ՏՔԹ. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Մոնրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքած է գանատահայ համայնքի կարկառուն դէմքերէն տքթ. Յարութիւն Արզումանեան։ Բօթը մեծ ցաւ յառաջացուցած է գանատահայ շրջանակներէ ներս։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Մոնրէալի մէջ իր մահկանացուն կնքած է գանատահայ համայնքի կարկառուն դէմքերէն տքթ. Յարութիւն Արզումանեան։ Բօթը մեծ ցաւ յառաջացուցած է գանատահայ շրջանակներէ ներս։
Կը տեղեկանանք, որ այս օրերուն արդէն օրակարգի վրայ է կարեւոր նախաձեռնութիւն մը՝ լուսանկարչութեան անմոռանալի վարպետ Արա Կիւլէրի յիշատակի անմահացման ուղղութեամբ։ Համապատասխան շարժումին ծնունդ տրուած է Ճենք Միրաթ Փեքճանաթթըի կողմէ։
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը կը շարունակէ կեդրոնացուած մնալ՝ Անգարայի եւ Երեւանի կողմէ նշանակուած յատուկ ներկայացուցիչներու առաջին հանդիպման հեռանկարին վրայ։
«Լեռնային Ղարաբաղի հարցը, ինչ որ մնացած է, հիմնականօրէն կախուած է Ատրպէյճանէն եւ Ռուսաստանէն, մասամբ՝ Թուրքիայէն, ուրիշ ոչ ոքէ։ Հիմա այդպէս է»:
Ժիրայր Լիպարիտեան. «Եթէ մենք անկեղծ ենք եւ կ՚ուզենք հասկնալ՝ միւս կողմն ալ անկե՞ղծ է, թէ ոչ, միակ ձեւը անոր հետ խօսիլն է: Մենք կրնանք մտահոգութիւններ, կասկածներ ու վախեր ունենալ, բայց քանի այդպէս է, ուրեմն պէտք է ե՞տ քաշուինք եւ չխօսի՞նք, թէ պէտք է տեսնենք՝ ի՛նչ կ՚ըսեն մեզի։ Որեւէ երկիր, գոնէ իմ տեսածովս, չբողոքեց պատերազմին դէմ»:
Մուամմէր Քեսքին ընտրութենէն ի վեր անցած ժամանակաշրջանի գործունէութիւնը ամփոփեց մասնաւոր հաւաքոյթով մը:
Քաղաքապետը անդրադարձաւ տեղական ինքնակառավարման ներառական մտայնութիւնով ծաւալուած բազմակողմանի աշխատանքի արդիւնքին:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Սեն Փեթերսպուրկ, ուր տեղի կ՚ունենայ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու ղեկավարներու անպաշտօն հանդիպումը։ Անդրադառնալով այս հաւաքին՝ Փաշինեան քանի մը օր առաջ նշած էր, որ մասնակիցներու շարքին է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ, որու հետ շփում տեղի կ՚ունենայ։
«Ազատութիւն» ռատիօկայանը կայքէջին վրայ մասնաւոր տեսանիւթով մը արձագանգեց, որ 114 տարուայ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը հասած է անդունդի եզրին:
Տարեդարձի տխուր խմբագրականով հնչած ահազանգի լոյսին տակ Արա Գօչունեան կը շեշտէ, որ համակարգային ու երկարաժամկէտ լուծումներ կ՚որոնուին տագնապի դիմագրաւման համար:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան, որ վերջին օրերուն վիրահատութեան մը ենթարկուած էր, շաբաթավերջին դուրս եկած է հիւանդանոցէն։
Եգիպտահայ մամուլին մէջ կը շարունակուին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դիմագրաւած տագնապին վերաբերեալ ահազանգին արձագանգները։ Գահիրէի «Արեւ»ը, որ 106 տարիէ ի վեր կը հրատարակուի եւ հայ իրականութեան երիցագոյն լրատուամիջոցներէն մին է, 16 դեկտեմբերի համարով անդրադարձաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի դիմագրաւած անելին։
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Անգարայի եւ Պաքուի հետ քննարկումներուն մէջ պէտք չէ արտայայտել հիմնազուրկ լաւատեսութիւն, որովհետեւ Երեւան այդ հիմքը չի նկատեր:
Վարչապետին կողմէ պատգամ. «Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններէն Հայաստանի ակնկալութիւնն է յարաբերութիւններու կարգաւորումը, բայց խնդիրը բարդ է եւ զգայուն»: