ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ԵՒ ԼԱՒՐՈՎԻ ՄԻՋԵՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները քննարկեցին անցեալ նոյեմբերի 26-ին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի գագաթաժողովին ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ մը։
Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։ Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ապտուլլահիան յայտնեց, որ տարածաշրջանի երկիրները կրնան լուծել իրենց խնդիրները, դուրսի միջամտութեան կարիք չկայ։
Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի կողակցին՝ Օլկա Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ շահեկան ձեռնարկ մը, որ համախմբեց մշակութասէրները։ Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Օլկա Թումանեանի յիշատակին ձօնուած ցուցահանդէս մը, որու շրջանակին մէջ ներկայացուած են բացառիկ նմոյշներ։
Ֆէրիգիւղի Վարդանանց երգչախումբը մեր համայնքի մշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն է։ Աւելի՛ն, անոր ապահոված կենսունակութիւնը սահմանափակուած չի մնար միայն երաժշտութեամբ կամ մշակոյթով, այլ իր հետ կը բերէ բազում առաւելութիւններ։
Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք այսօր շփումներ կ՚ունենայ Երեւանի մէջ։ Այս առաւօտ ան ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին գոհունակութիւն յայտնեցին Հարաւային Կովկասէ ներս իրավիճակի կայունացման կապակցութեամբ։
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքը հաղորդեց, որ 125 հազար եւրօ յատկացուցած է Լիբանանի 16 հայկական վարժարաններուն համար։ Այս քայլը կը յաջորդէ ներկայ տարեսկիզբին այդ նոյն դպրոցներուն համար տրամադրուած 650 գրասալիկներուն եւ 50 համակարգիչներուն՝ նոյնպէս նուիրատուութեան ձեւաչափին մէջ։
«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
Հայաստան-Վրաստան միջկառավարական համագործակցութեան յանձնաժողովի տասնմէկերորդ նիստը:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Մարսէյլի մէջ ստեղծուած է նոր մանկական երգչախումբ մը։ Սահակ-Մեսրոպ մշակոյթի կեդրոնի վարչական խորհուրդը այս առթիւ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով տեղեկացուած է, որ «Էջմիածին» կը կոչուի նորաստեղծ մանկական երգչախումբը։