ԾԱՓԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԵՒ ԱՐՏԱՍՈՒՔ
Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ սգահանդէս մը տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ երգիչին համար:
Համակիրներու հոծ բազմութիւն մը Հայկոյի դագաղին առջեւ իր վերջին խոնարհումը բերաւ ցաւ ի սիրտ:
Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ սգահանդէս մը տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ երգիչին համար:
Համակիրներու հոծ բազմութիւն մը Հայկոյի դագաղին առջեւ իր վերջին խոնարհումը բերաւ ցաւ ի սիրտ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ Սոչիի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած հանդիպման արձագանգները կը շարունակուին։ Քրեմլինի բանբերը՝ Տիմիթրի Փեսքով այս հանդիպման վերաբերեալ հրապարակեց կարգ մը մանրամասնութիւններ, ըստ որոնց երկու նախագահներու օրակարգին վրայ գտնուած են տարածքաշրջանային հակամարտութիւններու խնդիրները։
Թեհրան-Պաքու առանցքին վրայ առկայ լարուածութիւնները կը շարունակուին։ Վերջին շրջանին անոնց միջեւ տարակարծութիւններ ծայր տուած են՝ Գորիս-Կապան ճանապարհի՝ Ատրպէյճանի կողմէ վերահսկուած հատուածներէն ներս Իրանի բեռնատարներուն դէմ ցուցաբերուած վերաբերմունքին համար:
Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունեց Երեւանի մօտ Ֆրանսայի նորանշանակ դեսպան Անն Լիւյոն։
Հաւատարմագրի յանձնման յաջորդած զրոյցի աւարտին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Ֆրանսա համագործակցութեան զանազան ոլորտներուն։
Մայրաքաղաքի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի հերթական ժողովը:
Կլիմայի փոփոխութեան հիմնախնդրին շուրջ Թուրքիա կը վերահաստատէ միջազգային համագործակցութեան հրամայականը:
Հայաստանի կառավարութիւնը ընդունեց 2022-ի պետական պիւտճէի նախագիծը, որ պիտի յղուի խորհրդարան:
Փաշինեանի խօսքով՝ ամէնօրեայ աշխատանքի որակը ճակատագրական նշանակութիւն պիտի ունենայ երկրի ապագային համար:
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ երգիչ ու երգահան Հայկոյի (Հայկ Յակոբեան) յուղարկաւորութեան տխուր արարողութիւնը։ Կոնդ թաղամասի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ հրաժեշտ տրուեցաւ համակրելի երգիչին։
Երէկ, Երեւանի մէջ բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը։ «Սուրբ Հոգիի թռչունը» խորագրեալ այս ցուցահանդէսով գեղարուեստասէրներու տրամադրութեան տակ դրուած են նկարչուհի Քրիստինէ Օգանեզզիի ստեղծագործութիւնները։
Անգարայէն հերթական անգամ դրական յայտարարութիւններ հնչեցին՝ Երեւանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման հեռանկարին շուրջ։ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Թուրքիա դրական վերաբերմունք ունի Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին շուրջ։
Նախագահներ Էրտողան եւ Փութին երէկ սպասուած անկիւնադարձային առանձնազրոյցը ունեցան Սոչիի մէջ:
Ռուս ղեկավարը ակնարկեց՝ Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի մշտադիտարկման համատեղ կեդրոնի գործունէութեան: