ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդունելութեան ընթացքին «Օթէլ տը Ռիւսի»ի մէջ, Հռոմ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդունելութեան ընթացքին «Օթէլ տը Ռիւսի»ի մէջ, Հռոմ։
Նոպելեան կոմիտէն 2021 թուականի բժշկական մրցանակը շնորհեց երկու գիտնականներու, որոնցմէ մին հայ է։ Այսպէս, Նոպելեան բժշկական մրցանակի դափնեկիր դարձան Արտեմ Փաթափութեան եւ Տէյվիտ Ճիւլիուս, որոնք ուսումնասիրած են, թէ ինչպէս կենդանի օրկանիզմները կը զգան ջերմութիւնը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մի քանի երեսակ ունի ռուսաց մեծ կայսրութիւնը։ Ինչպէս միւս բոլոր հզօր տէրութիւնները, այնպէս ալ Ռուսաստան «կը խաղայ» զանազան թելերու վրայ, միշտ ալ փորձելով նախ ոտքի մնալ, իր շահերը ապահովել ու պահել «ոսկեայ միջին»ը։
Հարաւային Կովկասի նոր հաւասարակշռութիւններու ձեւաւորման գործընթացը կը զուգորդուի դիւանագիտական երթեւեկով:
Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ միշտ սպասում: Ալիեւ որոշ չափով մեղմ խօսելէ վերջ դարձեալ սպառնաց: Փաշինեան Վիլնիուսի, իսկ Միրզոյեան Թեհրանի մէջ բարձրաձայնեցին հայկական կողմի այժմու մօտեցումները: Թիֆլիզ կը հիւրընկալէ եռակողմանի ռազմափորձեր:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
«Քաղաքացիական պայմանագիր»ական պատգամաւորներէն մին, որ կեներալի կոչում ունի, ի պատասխան կին լրագրողի մը՝ կորսնցուած տարածքներու մասին հարցումներուն, ձեռքերը պարզեր է անոր ուղղութեամբ ու բացագանչեր. «Երթայիք, պահէիք, չտայիք այդ տարածքները»։ Ի՞նչ խօսք, իշխանութիւնը որդեգրած է պարտութեան համար արդարանալու բաւական ինքնուրոյն մեթոտներ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
«Ժողովուրդները՝ որպէս եղբայր, ապագայ երկրագունդը. կրօններն ու մշակոյթները երկխօսութեան մէջ» խորագրեալ միջազգային հաւաքը կը կեդրոնացնէ քրիստոնեայ աշխարհին ուշադրութիւնը: Մարդոց եւ կրօնի վերաբերեալ արդի խնդիրներուն շուրջ հեղինակաւոր կարծիքներու համադրութիւնը կը հարստացնէ լիարժէք համակեցութեան ամրապնդման ուղղեալ յանձնառութիւնները: Ցանկալի ապագայի բազմակողմանի որոնում՝ համատեղ տան նկատմամբ խնամքի լոյսին տակ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Հռոմ կը ժամանեն՝ մասնակցելու համար Սուրբ Էճիտիօ համայնքի տարեկան աւանդական խաղաղութեան աղօթքին, որ նախատեսուած է պատմական «Քոլոսէում»էն ներս:
Վեհափառ Հայրապետը ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ՝ հորիզոններու ընդլայնման ձօնուած ֆորումի ընթացքին, որու զեկուցողներու շարքին պիտի գտնուի Moderna-ի համահիմնադիր, ամերիկահայ գիտնական Նուպար Աֆէեան: Նորին Սրբութիւնը Վատիկանի մէջ առանձին հանդիպումներ պիտի ունենայ Սրբազան Պապին, Տիեզերական Պատրիարքին եւ Քենթըրպրիի Արքեպիսկոպոսին հետ:
Պատրիարքական Աթոռի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ եւ ՀԱՅՃԱՐ-ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած Պալեաններու ոգեկոչման այս տարի մասնակցեցաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետը:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մատնանշեց փոքրամասնութիւններու անհանգստութիւնը ատելութեան խօսոյթի բերումով՝ մինչդեռ որքան բաղձալի պիտի ըլլար անոնց կողմէ երկրին բերուած նպաստին շեշտուիլը: Էքրէմ Իմամօղլու խոստացաւ գործակիցներուն հետ քննարկել՝ քաղաքի պողոտաներէն մէկուն արքունի ճարտարապետներու անունը տալու հնարաւորութիւնը:
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Ճէյմս Օսթինի հետ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները ընդգծեցին իրենց կողմէ ընծայուած կարեւորութիւնը՝ երկու երկիրներու միջեւ ռազմական յարաբերութիւններու ամրապնդման նպատակով։
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի շուրջ վերջին շփումներու լոյսին տակ ընդհանուր արժեւորում:
Արարատ Միրզոյեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի երէկուան հեռախօսազրոյցին ժամանակ շօշափուեցան առկայ մարդասիրական հարցերը:
Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահական ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ զրոյցը, որու ընթացքին Սարգսեան եւ Փաշինեան քննարկեցին արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներու յաղթահարման վերաբերեալ հարցեր։