ԱՌԱՋԻՆ ԱԼԻՔԻ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան երէկ պարգեւատրեց երկրի Հանրային հեռուստաընկերութեան խումբ մը աշխատակիցները։ 2021 թուականը Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան համար յոբելենական էր։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան երէկ պարգեւատրեց երկրի Հանրային հեռուստաընկերութեան խումբ մը աշխատակիցները։ 2021 թուականը Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան համար յոբելենական էր։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ երկու գիրքի շնորհանդէս, ինչ որ յատկանշական հաւաքոյթ մըն էր։ Այդ գիրքերը հրատարակուած են Հայաստանի Դիւանագիտական դպրոցին կողմէ, որ Արտաքին գործոց նախարարութեան հովանաւորութեան ներքեւ կը գործէ։
Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու տեղեկացուց, որ Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքները պիտի վերսկսին:
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ փոխադարձ քայլեր պիտի առնուին ի մօտոյ:
Շարլ Միշել այսօր Պրիւքսելի մէջ կը մէկտեղէ Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը, Սոչիի գագաթաժողովէն վերջ:
Առաջին տեսակցութիւն՝ հրադադարի եռակողմանի յայտարարութիւնը ստորագրած ղեկավարներու ձեւաչափէն դուրս:
Հարաւային Կովկասի համար նախատեսուած «3+3» ձեւաչափով հարթակի առաջին ժողովի լոյսին տակ խորհրդածութիւնները կը շարունակուին։ Մոսկուայի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ այս հարթակի առաջին հանդիպումը՝ «3+3»ի փոխարէն «3+2» ձեւաչափով։
Երեւանի մէջ այսօրերուն տեղի կ՚ունենայ եզակի ցուցահանդէս մը, որ բացուած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի երդիքին տակ։ «Օր մը Փոմփէիի մէջ» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Հայաստանի Ազգային պատկերասրահի, Երեւանի մօտ Իտալիոյ դեսպանութեան եւ Փոմփէիի հնագիտական արգելոցի համագործակցութեամբ։
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու թագաժառանգ Մուհամմէտ պին Զայիտ էլ Նահիան երէկ Տոհայի մէջ հիւրընկալեց Իսրայէլի վարչապետ Նաֆթալի Պենեթը։ Առաջին անգամ Իսրայէլէն վարչապետի մակարդակի վրայ պաշտօնական այցելութիւն կ՚իրականացուի դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը հերթական անգամ վիճակագրական տուեալներ հրապարակեց քորոնաժահրի համավարակի ընթացքին շուրջ՝ մանաւանդ, «Օմիքրոն» հիմնամանրէի յայտնաբերման յաջորդած իրավիճակին մէջ։ Այսպէս, կազմակերպութիւնը տեղեկացուց, որ այս նոր տարբերակին հետեւանքով կը նախատեսուի վարակեալներու հիւանդանոց փոխադրումներու եւ մահուան դէպքերու աճ։
Պաղեստինի ինքնավարութեան Եկեղեցիներու հարցով բարձրագոյն նախագահական կոմիտէի ղեկավար Մուսին Իլիաս Եուսուֆ Խուրիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը այս օրերուն աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Կը հաղորդուի, որ հիւր պատուիրակութիւնը երէկ յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։
Հայաստանի Ազգային գրադարանը վերջերս համալրուեցաւ զանազան նոր սարքաւորումներով:
Հայ կրթական հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ յատկացուած վերջին միջոցները պիտի ապահովեն լուրջ արդիւնք: