ԽԻՏ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Այսօր հեռախօսազրոյցներ տեղի կ՚ունենան ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներուն միջեւ:
Ուքրայնայի տագնապը կը շարունակուի՝ շահագրգիռ կողմերու հրահրումներով՝ մինչ կը խօսուի «Գ. աշխարհամարտի» մը մասին:
Այսօր հեռախօսազրոյցներ տեղի կ՚ունենան ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի նախագահներուն միջեւ:
Ուքրայնայի տագնապը կը շարունակուի՝ շահագրգիռ կողմերու հրահրումներով՝ մինչ կը խօսուի «Գ. աշխարհամարտի» մը մասին:
Փարիզի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգման խորհուրդի (CCAF) տարեկան աւանդական ընթրիքը։ Անցեալ տարի համավարակի հետեւանքով ակամայ ջնջուած այս հաւաքոյթով շարունակութիւն գտաւ սոյն տարեկան ընթրիքի կազմակերպման աւանդութիւնը։
Ֆրանսայի միջազգային ձայնասփիւռը անդրադարձաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մղած գոյութենական պայքարին:
Ռատիօկայանի Իսթանպուլի աշխատակից Անն Անտլոէր հարցազրոյց մը ունեցաւ թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Ատրպէյճանն ալ Հայաստանի հետ մշտական խաղաղութեան կը ձգտի ու կը նախընտրէ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ ուղղակի շփման մէջ ըլլալը։
«TRT Haber»ին տուած հարցազրոյցին մէջ նախարարը կարեւոր խորհրդածութիւններով հանդէս եկաւ Թուրքիա-Հայաստան-Ատրպէյճան առանցքի իրադարձութիւններուն շուրջ։
Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Ռուսաստանի եւ Ուքրայնայի ներկայացուցիչները 10 ժամ բանակցութիւն վարեցին:
Բարդ քննարկումներու ժամանակ կարելի չեղաւ հարթել տարակարծութիւնները, աշխատանքը պիտի շարունակուի յաջորդ ամիս:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիան երէկ քննարկեցին միջազգային օրակարգի զանազան առաջնահերթ հարցերը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, որ վարակուած էր քորոնաժահրով, արդէն բուժուած է։ Ընկերային ցանցերուն վրայ ան տեղեկացուց, որ վերջին երկու օրերու նմուշառման արդիւնքները ցոյց տուած են, որ ինք դարմանուած է։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ հերթական յայտարարութիւնով հանդէս եկաւ՝ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէ ներս հայկական ժառանգութեան պահպանման տագնապին շուրջ։
Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ատրպէյճանի զօրքերը հերթական անգամ թիրախաւորեցին Արցախը։ Յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ, հրադադարի պայմաններուն ներքեւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կրակահերթեր իրականացուցին Կարմիր Շուկայի եւ Թաղավարդի բնակելի տուներուն վրայ։
Երեւանի մէջ Նկարիչներու տան երդիքին տակ երէկ բացուեցաւ Վարկանիշային ցուցահանդէս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Նկարիչներու միութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած այս ձեռնարկը կ՚ընդգրկէ՝ զանազան ոճերով ստեղծագործուած գեղարուեստական շուրջ 300 աշխատանք։