ԱՆԴՈՒՆԴԻ ՊԱՏՃԱՌՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔՈՎ
Պէյրութի «Զարթօնք»ը եւս արձագանգեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հնչեցուցած ահազանգին. «Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս հայկական ամենահին օրաթերթը յայտնուեցաւ փակուղիի մէջ»:
Արա Գօչունեան. «Մենք չենք ըսեր, որ մեր թերթը պէտք է գոյատեւէ յանուն իր անցեալին, մենք կ՚ըսենք, որ ան պէտք է գոյատեւէ յանուն ապագայի։ Այս լրատուամիջոցը համայն աշխարհի համար սկզբնաղբիւրի դեր ունի՝ գտնուելով Պոլսոյ մէջ, ամբողջ արեւմտահայ ժառանգութեան զարկերակին վրայ եւ համարուելով այդ զարկերակի կենսունակութեան խորհրդանշաններէն մէկը»:
Երէկ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Երկու նախարարները ի թիւս այլ հարցերու անդրադարձան Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։
Մինչ Ուքրայնայի տագնապը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը, երէկ, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոն աւարտեց իր ուղեւորութիւնը դէպի Մոսկուա եւ Քիեւ։
Ուքրայնայի տագնապի սաստկացման պայմաններուն ներքեւ Փութին եւ Մաքրոն բանակցութիւններ վարեցին Քրեմլինի պալատէն ներս:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։ Տեսակցութեան ընթացքին, ըստ էութեան, օրակարգի վրայ եկան Ուքրայնայի տագնապին վերաբերեալ հանգամանքները, Ռուսաստանի զօրքերու կուտակումով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։
Փութին-Մաքրոն երէկուան գագաթաժողովին ժամանակ օրակարգի վրայ եկաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը։ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ այս երկու երկիրներու ղեկավարները Մոսկուայի մէջ քննարկեցին հիմնախնդրի կարգաւորումը ու վերահաստատեցին համանախագահներու գործունէութեան կարեւորութիւնը՝ ներառեալ ընթացիկ մարդասիրական եւ ընկերատնտեսական խնդիրներու լուծման առումով։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի անդունդի եզրին հասած ըլլալու վերաբերեալ ահազանգը վերջերս արձագանգ գտաւ նաեւ Հայաստանի Հանրային հեռուստակայանի եթերին վրայ:
ՀԲԸՄ կարեւոր նախաձեռնութիւնով մը հայկական երանգ կու տայ STEAM նոր կրթական դրութեան:
Օփերայի երգիչ Ատամ Պարրօ նորովի մեկնաբանած է Ազնաւուրի եւ Կառվարենցի «Յաւերժական սէր» երգը։ Այսպէս, ֆրանսաբնակ հայազգի օփերայի երգիչ Ատամ Պարրօ (Մուրատ Ամիրխանեան) իւրովի մեկնաբանած է աշխարհահռչակ «Յաւերժական սէր» երգը: