Լրահոս

ԽԱԽԱՄՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՋԵՐՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահը Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալեց հրեայ բարձրաստիճան հոգեւորականներ:
Էրտողան լայնախոհ պատգամներ տուաւ՝ հակասեմականութիւնը որակելով մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն, իրեն յանձնուեցաւ յուշանուէր մը:

ՄԱՆՈՒԿԸ ԵՒ ՏՕՆԸ

Համաքրիստոնէական ընտանիքը համակուած է Սուրբ Ծնունդի բարձր տրամադրութեամբ։ Տօն է, մեծ տօն՝ իր խորհուրդով եւ առթած ապրումներով։
Իւրաքանչիւր տօնի խորհուրդէն անբաժան է մանուկը... Փոքր տարիքի տօնական ապրումները ուղղակիօրէն գործօնի կը վերածուին՝ մարդու կերտուածքի, նկարագրի ձեւաւորման ճանապարհին։

PEGASUS ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ ԹՌԻՉՔՆԵՐ ՊԻՏԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ-ԵՐԵՒԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացի վերակենդանացումով պայմանաւորուած դրական սպասումներու մթնոլորտին մէջ արդէն կը վերսկսին Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքները, որոնք շուրջ երկու տարիէ ի վեր ընդհատուած էին։

ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ԱՄՈԼԷՆ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԽՐԱԽՈՒՍԱՆՔ

Ազգային բարերար Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան ամոլը տարեվերջի առթիւ նուիրատուութիւն մը ըրաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ)։ Վաչէ Մանուկեան, որ ՀԲԸՄ-ի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահն է, իր կողակցին հետ 1 միլիոն տոլար յատկացուց աշխարհատարած այս բարենպատակ կառոյցին, որպէսզի անոր ծրագրերը յաջողութեամբ պսակուին եւ գործունէութիւնը ընդլայնի։

STRATFOR-ԷՆ ՎԵՐԼՈՒԾՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը տարածաշրջանէ ներս անհամեմատօրէն պիտի բարձրացնէ Թուրքիոյ ազդեցութիւնը:
Անգարայէն եւ Երեւանէն այժմու սպասման փուլին յայտարարութիւններ կը կատարուին՝ յատուկ ներկայացուցիչներուն միջեւ նախատեսուած առաջին հանդիպման ընդառաջ:

ԵՐԵՒԱՆ ՈՒՆԻ ՆՈՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏ

Երէկ, Երեւան ունեցաւ նոր քաղաքապետ մը. ի դէմս Հրաչեայ Սարգսեանի։ Քաղաքապետութեան խորհուրդը երէկ առաւօտ արտահերթ նիստ մը գումարեց՝ օրակարգի վրայ ունենալով այժմ արդէն նախկին քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի դէմ անվստահութիւն յայտնելու նիւթը։

ՆԱԽԱԳԱՀ-ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հանդիպում մը ունեցան Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին անոնք քննարկեցին երկրի առջեւ ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներն ու անոնց յաղթահարման եզրերը։

ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ԵՒ ԼԱՒՐՈՎԻ ՄԻՋԵՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները քննարկեցին անցեալ նոյեմբերի 26-ին Սոչիի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի գագաթաժողովին ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ մը։

ԹԵՀՐԱՆ-ՊԱՔՈՒ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի կողմէ։ Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ապտուլլահիան յայտնեց, որ տարածաշրջանի երկիրները կրնան լուծել իրենց խնդիրները, դուրսի միջամտութեան կարիք չկայ։

Էջեր