ՌՈՒՊԻՈՅԻ ԵՒ ՍԻՊԻՀԱՅԻ ԶՐՈՅՑԸ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ուքրայնայի արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիհա շաբաթավերջին ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Այս շփումը նախորդեց՝ յառաջիկային Սէուտական Արաբիոյ տանտիրութեամբ նախատեսուած ԱՄՆ-Ուքրայնա բանակցութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Ռիատի մէջ։