«ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՈՐՈՆՈՒՄ» ՈՍՊՆԵԱԿՆԵՐՈՎ

Երէկ, Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ տեղի ունեցաւ՝ «Ինքնութիւն եւ որոնում» անուանեալ լուսանկարչութեան խառն ցուցահանդէսին բացումը։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է «Պոլիս լուսատու» միաւորման նախաձեռնութեամբ։ Տասնհինգ լուսանկարիչներու այս խմբակի անդամները ուրոյն համադրութիւն մը պատրաստած են՝ իրենց ոսպնեակներով ինքնութեան, քաղաքի եւ տարբեր ապրելակերպերու վերաբերեալ փորձառութիւններու շուրջ։ Խմբակի իւրաքանչիւր անդամը երկու գործով մասնակցած է ցուցահանդէսին, որ մէկ կողմէ այցելուներու առջեւ տեսողական յիշողութեան հորիզոններ կ՚ուրուագծէ, իսկ միւս կողմէ կը ցոլացնէ «Պոլիս լուսատու»ի ներքին բազմաձայնութիւնը։

Ցուցահանդէսի ընդգրկած գործերուն մէկ մասը լուսարձակի տակ բերած է հայկական ինքնութեան, մշակոյթի եւ պատմութեան վերաբերեալ հետքեր։ Գործերու միւս մասը կը վերաբերի Իսթանպուլի բազմախաւ կեանքին եւ այլ նիւթերուն։ Ընդհանուրին մէջ այս ցուցահանդէսը տեսողական կամուրջ մըն է՝ անհատի ու հաւաքականութեան, նաեւ անցեալի ու ներկայի միջեւ։

Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ երէկ կազմակերպուած բացման արարողութիւնը պատուեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. արքեպիսկոպոս Մաշալեան, որուն շրջայցի ընթացքին ընկերացան լուսանկարիչները։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը տեղեկութիւններ քաղեց դրուագներուն շուրջ։ Ան այս փուլին զրուցեց գործերու հեղինակներուն հետ։ Հուսկ, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը դրուատիքով արտայայտուեցաւ «Պոլիս լուսատու» միաւորման գործունէութեան մասին։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2026