ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԵՒ Տ.Տ. ՊԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ Ա. ՈՒՂՂԱՓԱՌԱՑ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը երէկ հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորքի մէջ։ Պատրիարքը այս շրջանին Նիւ Եորքի մէջ կը գտնուի՝ «Թեմփըլթըն» հիմնարկին կողմէ պարգեւատրուած ըլլալով։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր կը մասնակցի «Համաշխարհային աթոմային շաբաթ» խորագրեալ համաժողովին։
Նախագահներ Էրտողան եւ Մաքրոն հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորքի Թրքական տան երդիքին տակ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարրօ երէկ հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորքի մէջ, ուր կը գտնուին ՄԱԿ-ի նոր՝ 80-րդ նստաշրջանի բացման փուլին առթիւ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորքի մէջ։ Դռնփակ հանդիպում մըն էր այս մէկը, որու սկիզբին ալ որեւէ յայտարարութիւն չկատարուեցաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար։
Հայաստանի դատական իշխանութիւնները մեղաւոր ճանչցան Տ. Միքայէլ Արքեպիսկոպոս Աջապահեանը:
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հնդկաստանի վարչապետի ազգային անվտանգութեան գծով խորհրդական Աճիտ Տովալի հետ։
Հայաստանի Սեն Փեթերսպուրկի հիւպատոսարանին մէջ մահացած գտնուեցաւ Արցախի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով նախկին ներկայացուցիչ Պորիս Աւագեան։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կ՚ընթանայ իր ընթացիկ հունին մէջ։
Տանըլտ Թրամփ Նիւ Եորքի մէջ տեսակցեցաւ շարք մը իսլամական եւ արաբական երկիրներու ղեկավարներուն հետ, որոնք պատերազմի վերջ գտնելուն կը սպասեն: