ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ. «ԶԱՆԳԵԶՈՒՐԻ ՄԻՋԱՆՑՔԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱՆ»
«Մեր հիմնական ակնկալութիւնն է, որ Զանգեզուրի միջանցքը չդառնայ հակասութիւններու պատճառ, այլ վերածուի համաձայնութեան խորհրդանշանի մը», յայտարարեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան՝ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու հետ զրուցելու ընթացքին։
Համակրելի մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան այս շրջանին օտար երաժշտասէրներու ալ սիրտը կը գրաւէ իր տպաւորիչ ձայնով։ Իսթանպուլի ֆիլարմոնիի միութեան «Ռէյ» համոյթը շաբաթավերջին մասնակցութիւն բերաւ Հարաւային Մակեդոնիայի Օհրիտ քաղաքի ամառնային երաժշտութեան փառատօնին, որ այս տարի 65-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ։
Ուաշինկթընէն միշտ կը հնչեն ամենաբարձր մակարդակի վրայ պատգամներ՝ Երեւան-Պաքուի յարաբերութիւններու ապագային շուրջ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շաբաթավերջին հերթական անգամ յայտնեց. «Հայաստան եւ Ատրպէյճան. մենք այստեղ հրաշք գործած ենք եւ խաղաղութեան համաձայնագիրը բաւական մօտ է ստորագրման, եթէ ոչ՝ արդէն իրականացուած է»։
Երեւանի մէջ ներկայ ամառը կը բնորոշուի չափազանց ոգեւորութեամբ եւ ընկերամշակութային ձեռնարկներու զանազանութեամբ։ Մասնաւորապէս բացօթեայ ձեռնարկները առիթ կը դառնան արտասովոր ոգեւորութեան։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ այս շրջանին դարձեալ աշխուժութիւն ստեղծուած է՝ բարձր մակարդակի շփումներով։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան երէկ պարգեւատրեց «Սինոփսիս Արմենիա» ընկերութեան նախագահ Երուանդ Զօրեանը, որուն յանձնեց պետական բարձր պարգեւ մը։
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ եւ Հայաստանի ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուր արդէն Երեւանի կեդրոնին դարձաւ մշտական ներկայութիւն։ Երէկ, քաղաքամայր Երեւանի մէջ, հանդիսաւոր արարողութեամբ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի արձանին, որ կը կոչուի «Լա Պոհեմ» եւ որ կանգնեցուած է համանուն հրապարակին վրայ։
Կիպրական հիմնախնդրին շուրջ ընդլայնուած կազմով անպաշտօն, ծաւալուն քննարկումներ Նիւ Եորքի մէջ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Ահմէտ Շարայի հետ։ Թուրքիա անվերապահօրէն դիրք կը գրաւէ Սուրիոյ կողքին, որ կ՚ենթարկուի Իսրայէլի յարձակումներուն։
Երէկ, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատիանի հետ։