ՎԻԹԽԱՐԻ ՁԳՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի եւ Երեւանի «Ֆակտում» կեդրոնի համատեղ ջանքերով արտադրուած «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութեան աշխարհագրութիւնը հետզհետէ կ՚ընդլայնի: Այս ֆիլմը առիթ կը դառնայ սփիւռքի գաղութներէն ներս անցեալի գիտակցութեան թարմացման՝ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի ժամանակներու մէջ ծաւալած գործունէութեան հասարակաց յայտարարին վրայ: Արդարեւ, այստեղ խնդրոյ առարկայ է վիթխարի ձգողականութիւն մը: Այսպէս, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի եւ մերօրեայ սփիւռքեան համայնքներու յարաբերութիւններու դարերու ընդմէջէն արժեւորումը դէպի ապագայ նոր ցոլացումներու համար ալ հիմք կը հանդիսանայ: Այս առումով վերջերս նոր անկիւնաքարի մը տեղադրման նմանեցաւ՝ Եթովպիոյ մայրաքաղաքը՝ Ատիս Ապապայի մէջ կազմակերպուած ֆիլմի ցուցադրութիւնը: 

Եթովպահայ համայնքային խորհուրդի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած փաստավաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը տեղի ունեցաւ Ատիս Ապապայի «Արարատ» հայկական ակումբի համալիրէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկով մը, որ տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթավերջին: Այս առթիւ «Արարատ» ակումբի երդիքը համախմբեց եթովպահայ համայնքէն ներկայացուցիչներ, դիւանագիտական շրջանակներէ դէմքեր եւ այլ հիւրեր: 

Եթովպահայ համայնքային խորհուրդը այս ցուցադրութեան համար Ատիս Ապապա հրաւիրած էր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանն ու Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկանը: ԺԱՄԱՆԱԿ-ի եւ Երեւանի «Ֆակտում» կեդրոնի համատեղ ջանքերով արտադրուած այս ֆիլմը, մէկ կողմէ ընդհանուր հետաքրքրութեան չափումներով կ՚առանձնանայ, իսկ միւս կողմէ կ՚առընչուի համայնքներու տեղական առանձնայատկութիւններուն հետ, որոնք այսօր հայկական ինքնութիւնը արծարծուած պահելու տեսակէտէ գործօնի կը վերածուին: 

Եթովպահայ համայնքային խորհուրդի այս նախաձեռնութեան զօրակցած էր նաեւ Ատիս Ապապայի մօտ Հայաստանի դեսպան Սահակ Սարգսեան, որ մինչեւ մօտաւոր անցեալը կը պաշտօնավարէր Իսթանպուլի մէջ՝ որպէս Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ: Ան արդէն հնարաւորութիւն ունեցած էր իր շուրջ հնգամեայ պաշտօնավարութեան ընթացքին վկայելու, թէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ինչպիսի դեր մը ունեցած էր անցեալի մէջ եւ ներկայիս ալ համահայկական հարթութեան վրայ ինչպիսի հետաքրքրութեան մը առարկայ կը դառնայ եւ նոյն ձեւով վկայութիւններ ունեցած էր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի ծաւալած գործունէութեան նշանակութեան շուրջ՝ որպէս հայաշխարհի անընդհատ հրատարակուող ամենահին օրաթերթը: Այս բոլորը նկատի ունենալով՝ Եթովպահայ համայնքային խորհուրդը յարմար դատած էր ֆիլմի ներկայացման հրաւիրելու ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանը: Մինչ այդ, նկատի ունենալով, որ ֆիլմին մէջ կրթութեան բնագաւառը առանձնապէս խոշորացոյցի տակ առնուած է պատմական հոլովոյթով՝ կազմակերպիչները փափաքած էին պոլսահայ կրթական համակարգէն ալ ներկայացուցիչ մը ընդգրկելու ծրագրին. յանձնինն՝ Լենա Ենիեորկանի: 

Եթովպահայ համայնքէն ներս այս շրջանին բացառիկ աշխուժութիւն մը զգալի դարձած է: Արդարեւ, Ատիս Ապապայի մէջ «Արարատ» ակումբի համալիրէն ներս հաստատուած է հայկական թանգարան մը, որու պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օրերուն: «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմի ներկայացումն ալ նախորդեց այս թանգարանի պաշտօնական բացման արարողութեան: Այսինքն, անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած ֆիլմի ցուցադրութեան ի շարունակութիւն՝ այս օրերուն Ատիս Ապապայի մէջ պիտի բացուի սոյն հայկական թանգարանը եւ, մեծ հաշուով, այս ձեռնարկներու շարքը կազմած պիտի ըլլան ամբողջ մը: Վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութիւնը Եթովպիոյ մէջ հայկական կեանքի կենսունակութեան ճանապարհին նոր անկիւնաքար մը հանդիսացաւ՝ քանի ձեռնարկը իսկապէս արձանագրեց լուրջ յաջողութիւն: 

«Արարատ» ակումբի երդիքին տակ, վաւերագրական ֆիլմի ցուցադրութեան սկիզբին ելոյթներով հանդէս եկան՝ դեսպան Սահակ Սարգսեան, Եթովպիոյ Ս. Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ սարկաւագը՝ Վարդգէս Նալպանտեան, որ սակաւաթիւ համայնքի մղիչ ուժերէն մին է, ինչպէս նաեւ Արա Գօչունեան եւ Լենա Ենիեորկան: Ելոյթներէն վերջ ցուցադրուեցաւ ֆիլմի անգլերէն տարբերակը: Ներկայացման աւարտին Արա Գօչունեան հանդէս եկաւ շնորհակալութեան խօսքով մը: Այս առթիւ թերթի խմբագրութեան կողմէ պատրաստուած շնորհակալութեան յուշանուէրը ծափահարութիւններու ներքեւ յանձնուեցաւ եթովպահայ համայնքային խորհուրդի նախագահութենէն՝ Կարօ Թիլբեանի ձեռամբ Արա Գօչունեանի եւ Լենա Ենիեորկանի: Այս փուլին, Արա Գօչունեան ԺԱՄԱՆԱԿ թերթի ոսկէ կրծքանշանովը պարգեւատրեց դեսպան Սահակ Սարգսեանը, որ այս ձեռնարկի կազմակերպումը մտայղացած էր: Հարկ է յիշեցնել, որ ան պարգեւատրուած է նաեւ Պատրիարքական Աթոռի «Օրմանեան» շքանշանով: 

Հաւաքոյթին մասնակցեցան Ատիս Ապապայի մօտ Թուրքիոյ Հանրապետութեան դեսպանութենէն Կէօզտէ Չոլաք Եամանէր, Ատիս Ապապայի քաղաքապետարանի մշակոյթի բաժնի վարիչ Վիցում Ապպաթէ, Եթովպիոյ վերջին կայսեր ծոռնուհին՝ Հաննա Մարիամ Մեհերէթ-Սելասի, Ատիս Ապապայի մօտ Վրաստանի դեսպան Կիա Մաչարածէ, Պուլկարիոյ դեսպան Կէորկի Եովչեսքի, Ղազախիստանի դեսպան Ժալկաս Ատիպայեւ, Իրանի դեսպանատան եւ Եւրոմիութեան առաքելութեան ներկայացուցիչները եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր: 

Ֆիլմի ներկայացման յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին ջերմ զրոյց տեղի ունեցաւ ներկաներուն եւ հիւրերուն միջեւ: Այս փուլին Արա Գօչունեան եւ Լենա Ենիեորկան ջերմօրէն շրջապատուեցան՝ անկեղծ զրոյցի մթնոլորտին մէջ: Հիւրերը հետաքրքրուեցան թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգային զանազան նիւթերով:

Միւս կողմէ, Ատիս Ապապայի մէջ կեցութեան օրերուն, Արա Գօչունեան եւ Լենա Ենիեորկան քաղաքավարական այցելութիւններ ալ տուին Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուները: Ատիս Ապապայի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Պերք Պարան եւ Հայաստանի դեսպան Սահակ Սարգսեան ջերմ մթնոլորտի մէջ հիւրընկալեցին Գօչունեանն ու Ենիեորկանը: Ընդունելութիւններու ընթացքին երկու դեսպաններուն յանձնուեցան ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին կողմէ պատրաստուած յուշանուէրները: Այս փուլին, Արա Գօչունեան յուշանուէրները յանձնելու հրաւիրեց նաեւ Լենա Ենիեորկանը: Այսպէս, դեսպանները պոլսահայ երկու գործիչներու ձեռամբ ստացան՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի կողմէ իրենց համար պատրաստուած յուշանուէրները:

Ի լրումն այ բոլորին, անցեալ կիրակի, Արա Գօչունեան եւ Լենա Ենիեորկան մասնակցեցան Ատիս Ապապայի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած կիրակնօրեայ արարողութեան:

      

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2026