ՆՈՐՈՎԻ ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ
«Հայաստան որեւէ պատճառ չի տեսներ Թուրքիոյ կողմէ սահմանի բացման յապաղեցման համար»:
Յատուկ ներկայացուցիչներու հերթական ժամադրութեան առթիւ թարմ լաւատեսութիւն Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ:
«Հայաստան որեւէ պատճառ չի տեսներ Թուրքիոյ կողմէ սահմանի բացման յապաղեցման համար»:
Յատուկ ներկայացուցիչներու հերթական ժամադրութեան առթիւ թարմ լաւատեսութիւն Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի մէջ ճգնաժամերը նորէն կը դնեն երկիրը ճակատագրական շրջանի մը առջեւ։ Ամերիկեան վերջին ճնշումները եւ սահմանային լարումները պարզօրէն ցոյց կու տան, որ Ուաշինկթընի հիմնական նպատակը երբեք Լիբանանի կայունութիւնը չէ, այլ Իսրայէլի հիւսիսային սահմաններուն անվտանգութիւնը։
Մոսկուայի ղեկավարութիւնը իրերայաջորդ կ՚անդրադառնայ՝ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ գոյացած համաձայնութիւններուն։
Ֆրանսայի Ազգային ժողովը անվստահութիւն յայտնեց երկրի կառավարութեան դէմ, որու գլուխը կը գտնուէր վարչապետ Ֆրանսուա Պայրու։ Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն այսօր կ՚ընդունի վարչապետ Պայրուի հրաժարականը եւ այսպէսով կը սկսի երկրի նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացը։
Այսօր վերամուտ է։ 2025-2026 կրթական շրջանը պաշտօնապէս կը բացուի Թուրքիոյ բոլոր վարժարաններուն մէջ։ Պոլսահայ վարժարաններուն մէջ ալ զուգահեռաբար կը հնչէ առաջին զանգը։
Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած համաձայնագրերէն վերջ յատուկ ներկայացուցիչներու ժամադրութիւն:
Քըլըչ եւ Ռուբինեան կը քննարկեն՝ նախապէս գոյացած պայմանաւորուածութիւնները կեանքի կոչելու մասին հարցեր:
Ենիգիւղի Այա Փանաիյա յունաց եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Թէոթոքիա» մշակոյթի փառատօնի շրջանակներէն ներս, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ գիրքի շնորհանդէս մը, որու պատուոյ հիւրն էր Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը։
Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք յայտարարեց, որ Մոսկուայի եւ Երեւանի միջեւ քննարկումներ ծաւալուած են՝ Հայաստանի հարաւով անցնելիք TRIPP անցուղիին վերաբերեալ հարցերու շուրջ։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, երէկ կէսօրուան ժամերուն տեղի ունեցաւ փառաշուք եւ յուզումնախառն յուղարկաւորութիւն մը, որով յաւերժութեան ճամբուեցաւ մեր համայնքէն լուսահոգի, նորոգ հանգուցեալ Պօղոս Սէյրեք։
Երեւան-Փարիզ առանցքին վրայ նախանշուեցան ռազմավարական համագործակցութեան ապագայ խորացման ուղիները:
Հայաստան եւ Ֆրանսա միշտ ծաւալուն արժեւորման կ՚ենթարկեն տարածաշրջանի խնդիրները. Արմէն Գրիգորեանի բազմակողմանի հանդիպումները: