ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ԻՐԱՎԻՃԱԿԸ՝ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը արժեւորեց Հարաւային Կովկասի իրադրութիւնը՝ իր վերջին ժողովին ընթացքին։

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս, խորհուրդի նիստը տեղի ունեցաւ նախընթաց օր։ Նիստի աւարտին հրապարակուած զեկոյցին մէջ նշուեցաւ, որ օրակարգի վրայ եկած են՝ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու դէմ պայքարը, կազմակերպուած յանցագործութիւններու դէմ գործողութիւնները, Կիպրոսի հիմնախնդիրը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իրան համաձայնութիւնը, Սուրիոյ եւ Կազզէի կացութիւնները, Իրաքի վիճակը, Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութիւնը եւ Ափրիկէի մայրցամաքի վերջին իրադարձութիւնները։

Ի լրումն այս բոլորին, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը շօշափած է Հարաւային Կովկասի արդի իրադարձութիւնները՝ տարածաշրջանային խաղաղութեան, կայունութեան եւ համագործակցութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2026