Լրահոս

ԺԻՒԼԻԱ ՍԵՏԵՖՃԵԱՆԻ ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՃԱՇԱՐԱՆԸ ԿՐԿԻՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ՝ ՄԻՇԼԵՆԻ ԱՍՏՂԻՆ

Ժիւլիա Սետեֆճեանի «Baieta» ճաշարանը կրկին արժանացած է Միշլենի աստղին:
Սիկիլիացի հայ խոհարարը Ֆրանսայի ամենաերիտասարդ խոհարարն է, որ Միշլենի աստղին արժանացած է, առաջինը՝ 21 տարեկանին:

ՊՐԻՒՔՍԷԼ ԵՒ ՓԱՐԻԶ

Նիկոլ Փաշինեան իրերայաջորդ հանդիպումներ ունեցաւ Անթոնիօ Քոստայի, Ուրսուլա ֆոն տէր Լէյէնի եւ Էմմանիւէլ Մաքրոնի հետ:
Հայաստան հետեւողականօրէն Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան հետ սերտօրէն կը համագործակցի՝ արժեւորելով տարածաշրջանի իրավիճակը:

ՊԱՍՏԱՌԻ ՀՐԱՊՈՅՐԸ. «ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ»Ը Կ՚ԸՆԹԱՆԱՅ ՖԻԼՄԵՐՈՎ ԵՒ ԱՍՈՒԼԻՍՆԵՐՈՎ

Երեւանի մէջ այս օրերուն ամէնուրեք զգալի է պաստառի հրապոյրը։ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի փառատօնը մագնիսացուցած է գեղարուեստասէրներու ուշադրութիւնը։

ՃԱՆԱՊԱՐՀԱՅԻՆ ՔԱՐՏԷՍ

Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքի իրադարձութիւնները կը շարունակեն անմիջականօրէն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները Ռուսաստանի հետ խտացեալ աշխատանքի մէջ է՝ ապահովելու համար Ուքրայնայի հակամարտութեան վերջանալը։

ԵՐԵՒԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՑՈՅՑԵՐ՝ ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՅԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՆՋՈՎ

Երեւանի մէջ շաբաթավերջին ցոյցեր սկսան՝ Արցախի հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան համար։ Արցախցիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան խորհուրդի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ բողոքի երթ մը։ Մայրաքաղաքի Ազատութեան հրապարակին վրայ այս բողոքը արդէն անժամկէտ նստացոյցի մը ձեւաչափով կը շարունակուի։

22-ՐԴ «ՈՍԿԷ ԾԻՐԱՆ» ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային շարժանկարի փառատօնը, որ պիտի տեւէ շաբաթ մը։ Այս տարի 22-րդ անգամ կը կազմակերպուի փառատօնը, որու բացման փուլին ցուցադրուեցաւ Իրանէն յայտնի բեմադրիչ Զաֆար Փանահիի «Պարզ պատահար մը» գործը, որ Քաննի մէջ արժանացած էր Ոսկէ արմաւենիի մրցանակին։

Էջեր