ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները Ուաշինկթընի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենան ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարի նախաձեռնութեամբ:
Միրզոյեան. «Ոեւէ մէկը կասկածի տակ չի դներ, թէ ապաշրջափակուելիք ճանապարհները կամ փոխադրութեան ենթակառուցուածքները ամբողջութեամբ պիտի գտնուին տուեալ երկրի ինքնիշխանութեան ներքեւ»:
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարները երէկ հանդիպում մը ունեցան Մոսկուայի մէջ, ԱՊՀ-ի ժողովի շրջանակէն ներս:
Երէկ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովի 3-րդ նիստը։ Երկու երկիրներու փոխ-վարչապետները՝ Մհեր Գրիգորեան եւ Շահին Մուսթաֆաեւ գլխաւորեցին բանակցութիւնները։
Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի վերատեսուչ Արմէն Մուրատեան յայտարարեց, որ անպտղութեան մակարդակը Հայաստանի մէջ կը շարունակէ մնալ բարձր ու գրեթէ հաւասար է՝ սահմանուած 15 տոկոսի ճգնաժամային մակարդակին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Հերացի» վերլուծականը կը շարունակէ ժողովրդագրական վիճակի եւ այս վերջնոյն վրայ ազդող գործօններու վերաբերեալ ուսումնասիրութիւնը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ յաղթահարուած կը համարէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ հաղորդակցութեան բնոյթով բարդոյթներն ու բարդութիւնները, ինչ որ կարեւոր փաստ մըն է։ «Սա կրնայ թուիլ շատ թոյլ եւ ոչ-էական բան։
«Ռուս խաղաղապահներու լիազօրութեան ժամկէտի երկարաձգման խնդիրը մտած է օրակարգ»:
Այսօր Պրիւքսելի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնաժողովներու 3-րդ նիստը։
Անթալիայի մէջ 14-23 հոկտեմբերին տեղի ունեցած աշխարհի բազկամարտի ախոյենութեան հայ բազկամարտիկները տիրացան 11 մետայլի:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ։ Կը հաղորդուի, որ Էրտողանի հետ զրուցելու ընթացքին Փութին անդրադարձած է՝ նախօրէին Սոչիի մէջ իր տանտիրութեամբ ու միջնորդութեամբ՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասնակցութեամբ կազմակերպուած եռակողմանի գագաթաժողովին։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Թեհրան, ուր հիւրընկալուեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի կողմէ։ Երկու ղեկավարները Սատապատի պալատի համալիրէն ներս բանակցութիւններ վարեցին եւ հանդէս եկան յայտարարութիւններով։