ՄԱԿ-Ի ԱՄՊԻՈՆԷՆ ԱՀԱԶԱՆԳ
«Միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն եւ սկզբունքներուն համապատասխան՝ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը պէտք է դուրս բերուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքէն»:
Փաշինեան տարածաշրջանային կայունութեան վճռորոշ գործօն կը համարէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորումը. «9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմանի յայտարարութեան մէջ նշուած է միայն մէկ միջանցքի մասին եւ այդ մէկը Լաչինի միջանցքն է։ Այնտեղ ոչինչ կայ արտատարածքայնութեան մասին։ Պաքուի նպատակն է նոր տագնապ ստեղծել՝ որպէս պատրուակ նոր տարածքային պահանջի»:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ միշտ տեղի կ՚ունենան հրադադարի խախտումներ եւ կը շարունակուի լարուածութիւնը։ Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն՝ 07.40-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացին հայկական դիրքերուն վրայ։
Երէկ երեկոյեան, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի հրաւէրով, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր հանդիպում մը։ Այսպէս, Նորին Սրբութեան հրաւէրին ընդառաջ կազմակերպուած հանդիպման մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան, երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան եւ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան։
Յայտնի համայնքային բարերարը այս անգամ կարեւոր յանձնառութեամբ մը հանդէս կու գայ մարզական աշխարհէն ներս՝ արժանանալով հանրային կարծիքին ուշադրութեան:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ հրադադարի խախտումները կը շարունակուին։ Ատրպէյճանի բանակը երէկ երեկոյեան դարձեալ յարձակում մը իրականացուց Հայաստանի դէմ։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանէն հասած լուրերը վերջին օրերուն առաջնահերթօրէն կը բնորոշեն օրակարգը։ Երէկ երեկոյեան ժամերուն Ատրպէյճանի զօրքերը դարձեալ խախտած են հրադադարը։
Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդը նախընթաց օրուան վերջին ժողովի աւարտին հրապարակեց յայտարարութիւն մը:
Նախկին արտաքին գործոց նախարարը կը խորհրդածէ հերթական յօդուածով մը. «Ի՞նչ եղած է իրականութեան մէջ, ի՞նչ կարելի է ընել»:
ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարին միջնորդութեամբ երէկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական Գէորգ Պետիկեան վերջերս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է նոր գիրք մը, որ կը կոչուի «Սփիւռքը…»։ Հալէպէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուած Գէորգ Պետիկեան իսկապէս կ՚առանձնանայ իրեն սերնդակից հեղինակներու շարքին։