ՈՒՂԻՂ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
«Պլէր հաուզ»ի մէջ, Ուաշինկթըն, երէկուան քննարկումներուն ժամանակ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով պայմանաւորուեցան՝ թափ տալ իրենց բանակցութիւններուն եւ յառաջիկայ շաբաթներուն դարձեալ հանդիպիլ:
Էնթընի Պլինքըն. «Երեւան եւ Պաքու խիզախ քայլեր կ՚առնեն խաղաղութեան հասնելու համար։ Այժմ նպատակն է զարգացնել այն դրական արդիւնքները, որոնք անցեալ մէկուկէս ամսուան ընթացքին արձանագրուեցան՝ ամերիկեան կողմի նախաձեռնած շփումներուն»:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Չեթինքայան եւ իր գործակից ընկերները։
«Պա այնքան պարտութիւն կրես ու յաղթել չսովորե՞ս»: Որքա՜ն հրետորական կը հնչէ հարցումը՝ մանաւանդ Հրանդ Մաթեւոսեանի բանաձեւումով։
Երէկ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու վարչապետները քննարկեցին Երեւան-Թիֆլիզ համագործակցութեան վերաբերեալ օրակարգային հարցեր։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ հրադադարի խախտումները միշտ կը շարունակուին։ Երէկ գիշեր պատահած են նոր դէպքեր։
Ի նշանաւորումն հայ երաժշտութեան երախտաշատ հսկայի ծննդեան հարիւրամեայ յոբելեանին:
Երբ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը արդէն բաւական բարդ փուլ մը թեւակոխած է, Ստեփանակերտի ղեկավարութեան մէջ երէկուան դրութեամբ տեղի ունեցաւ կարեւոր փոփոխութիւն մը։ Այսպէս, Արցախի պետական նախարար նշանակուեցաւ Ռուբէն Վարդանեան։
Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Ֆահրետտին Ալթուն երէկ մասնակցութիւն բերաւ՝ Թուզլայի քաղաքապետութեան եւ Իսթանպուլի մօտ Ատրպէյճանի հիւպատոսութեան կողմէ համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկի մը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ երկրի խորհրդարանէն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ անդրադարձաւ նաեւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։ «Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ յառաջընթաց կայ, խօսակցութիւնը կը շարունակուի», ըսաւ Արարատ Միրզոյեան երեսփոխաններուն ներկայութեամբ։