ԱՂԷՏԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԵՐԿԱՐԱԺԱՄԿԷՏ ՊԱՅՔԱՐ
Թուրքիոյ տասն քաղաքները աւերած ահաւոր երկրաշարժի հետեւանքով զոհուածներուն թիւը, ըստ պաշտօնական տուեալներուն, արդէն գերազանցած է 31 հազարը։ Երկրէն ներս ստեղծուած ողբերգական իրավիճակին մէջ միակ մխիթարութիւնը փրկարարներու աշխատանքին արդիւնքը կ՚ըլլայ։
Արմաղանեան. «Ընդունեցէք մեր ցաւակցութիւնները, այս ծանր վիճակին մէջ համբերութիւն կը մաղթենք»:
Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիկը, որ այցելեց Երեւան։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան վերաբերեալ հարցեր։
Թուրքիոյ հարաւի, արեւելքի եւ հարաւ-արեւելքի 10 քաղաքները աւերած երկրաշարժին պատճառած ցնցումը կը շարունակուի ամբողջ երկրին մէջ։ Արդէն այսօր շաբաթ մը անցած է երկրաշարժէն ի վեր եւ, դժբախտաբար, զոհերու թիւը կը մօտենայ 30 հազարի սահմանին։
Հայաստանի կողմէ աղէտալի երկրաշարժէն վերջ Թուրքիոյ համար ցուցաբերուած մարդասիրական օժանդակութիւնը ուշադրութեան կ՚արժանանայ նաեւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին մէջ։
Հայաստան կը շարունակէ զօրակցիլ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ՝ երկրաշարժով պայմանաւորուած ծանր իրավիճակի ողբերգական կացութեան ներքեւ։ Այսօր Հայաստան մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկեց Թուրքիա։
Թուրքիա կը շարունակէ մնալ երկրաշարժին պատճառած ահաւոր ցնցման ազդեցութեան տակ։ Ամբողջ երկրին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է աղէտի գօտիէն հասած տուեալներուն վրայ։
Թուրքիան ցնցած սարսափելի երկրաշարժի հետեւանքով յառաջացած ողբերգութիւնը հետզհետէ կը բիւրեղանայ թէ՛ ամբողջ երկրին եւ թէ համայն մարդկութեան աչքին առջեւ։ Զոհերու թիւը կը բարձրանայ ահագնացող չափով։
Թուրքիոյ արեւելքի, հարաւի եւ հարաւ-արեւելքի 10 քաղաքները աւերած ահաւոր երկրաշարժին եւ ծանր հետեւանքներուն պատճառած ցնցումը կը շարունակուի եւ, բնականաբար, թրքահայ համայնքն ալ անմասն չէ այդ մէկէն։
Լաչինի միջանցքը արդէն երկու ամիսէ ի վեր փակ է։ Արցախը պաշարուած վիճակի մէջ՝ կտրուած է Հայաստանէն եւ ամբողջ աշխարհէն։ Միջանցքը կ՚օգտագործուի շատ սահմանափակ՝ միայն Կարմիր խաչի կողմէ հիւանդներու տեղափոխութեան եւ շատ սահմանափակ մարդասիրական բեռներու համար։