ՔԻՇՆԵՒԷՆ ՎԵՐՋ ՊՐԻՒՔՍԵԼ
Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի երէկուան հերթական բանակցութիւններուն միացան նաեւ Էմմանիւէլ Մաքրոնն ու Օլաֆ Շոլցը:
Երեւան-Պաքու յարաբերութիւններու կարգաւորման հեռանկարներուն առումով միջազգային բոլոր դերակատարներու ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ՝ տարածաշրջանային փոխադրութեան ու տնտեսական ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը: Յաջորդ բարձր մակարդակի ժամադրութիւնը կը ծրագրուի յուլիսի վերջաւորութեան՝ նոյնպէս ԵՄ-ի նախաձեռնութեամբ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան տեղեկացուց, որ Ատրպէյճանի հետ բարձր մակարդակի վրայ շփումները պիտի շարունակուին մօտաւոր ապագային։ Երեւան-Պաքու բանակցութիւններու յաջորդ կանգառը պիտի ըլլայ Ուաշինկթընը։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ այսօր ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ։
Հայաստան-Ատրպէյճան խտացեալ բանակցութիւնները կը շարունակուին Քիշնեւի այսօրուան ժամադրութեամբ:
«Նախագահական կառավարման համակարգը արժանացած է ազգի վստահութեան քուէին։ Ընտրութիւններու արդիւնքը եկած է վերջակէտ մը դնել՝ հին դրութեան վերադառնալու վերաբերեալ վէճերուն»:
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Վերընտրեալ ղեկավարը յառաջիկայ շրջանի յաւակնոտ նպատակներուն եւ սկզբունքներուն վերաբերեալ վճռական պատգամներ կու տայ հանրային կարծիքին:
Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւնները կը շարունակուին Քիշինեւի մէջ:
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի վարիչ Հիքմէթ Հաճիեւ երէկ Պրաթիսլաւայի մէջ մասնակցեցան փանելի մը։
Իսրայէլի նախագահը պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Ատրպէյճան. կարեւոր բանակցութիւններ: