ԻԿՈՐ ԽՈՎԱԵՒԻ ՊԱՔՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահ, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւ երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Պէյօղլուի ընտրութեան վերաբերեալ առկայ խնդիրները։ Թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնելու հետամուտ մէկէ աւելի թեկնածուական խումբերու կամ խմբաւորումներու ներկայացուցիչներ ելոյթներ ունենալով փորձեցին արժեւորել ստեղծուած իրադրութիւնը։
ՀԱՊԿ-ի Երեւանի գագաթաժողովի ծիրէն ներս Փաշինեանի եւ Փութինի միջեւ տեսակցութիւն:
Լուսաւորիչ երգչ.ի եւ «Եոլճու» թատերախումբի ողջունելի համագործակցութեան առթած հրճուանքով երեկոյթ մը :
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովին առթիւ Երեւան ժամանելու ընդառաջ Փութին հեռաձայնի վրայ խօսեցաւ Ալիեւի հետ:
Այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն Տիւզճէի մէջ տեղի ունեցաւ երկրաշարժ մը, որու պատճառած ցնցումը զգալի դարձաւ նաեւ Իսթանպուլէն։ Թեքիրտաղէն մինչեւ Իզմիր՝ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ զգալի դարձաւ երկրաշարժը, որուն յաջորդեցին յետցնցումներ։
Հայաստանի վարչապետն ու Ռուսաստանի նախագահը ժամադրուած են ՀԱՊԿ-ի գագաթաժողովի ծիրէն ներս: