ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՓՈԽԱՆՈՐԴ Տ. ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԱՂԷՏԻ ԳՕՏԻ
Թուրքիոյ արեւելքի, հարաւի եւ հարաւ-արեւելքի 10 քաղաքները աւերած ահաւոր երկրաշարժին եւ ծանր հետեւանքներուն պատճառած ցնցումը կը շարունակուի եւ, բնականաբար, թրքահայ համայնքն ալ անմասն չէ այդ մէկէն։
Լաչինի միջանցքը արդէն երկու ամիսէ ի վեր փակ է։ Արցախը պաշարուած վիճակի մէջ՝ կտրուած է Հայաստանէն եւ ամբողջ աշխարհէն։ Միջանցքը կ՚օգտագործուի շատ սահմանափակ՝ միայն Կարմիր խաչի կողմէ հիւանդներու տեղափոխութեան եւ շատ սահմանափակ մարդասիրական բեռներու համար։
Արժանթինահայ յայտնի գործարար ու ազգային բարերար Էտուարտօ Էօրնէքեան վերջին օրերուն մեծ պատիւի մը արժանացաւ Իտալիոյ մէջ։ Այսպէս, ան հռչակուեցաւ Ֆլորանսա քաղաքի պատուոյ քաղաքացի։
Հայաստանի փրկարարներու խումբը Ատըեամանի մէջ աշխատանքի ձեռնարկեց փլատակներու տակ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Անգարա բարձր կը գնահատէ Երեւանի աջակցութիւնը՝ այս քայլը կարեւորելով նաեւ կողմերու միջեւ երկխօսութեան ապագայ խորացման տեսակէտէ:
Թուրքիոյ արեւելքի, հարաւի եւ հարաւ-արեւելքի քաղաքները ցնցած երկրաշարժին հետեւանքով յառաջացած ընդհանուր պատկերը հետզհետէ կը դառնայ աւելի ծանր եւ ցնցիչ։ Ըստ պաշտօնական աղբիւրներու կողմէ հրապարակուած վերջին տուեալներուն, երկրաշարժի զոհերուն թիւը հասած է 6957-ի։
Քահրամանմարաշի մէջ երէկ կէսօրուան ժամերուն պատահած 7.6 սաստկութեամբ նոր ցնցումին ալ ազդեցութեամբ զոհերու եւ վիրաւորներու թիւը բազմապատկուեցաւ: Երկիրը բազմաթիւ քաղաքներու պարագային կը դիմագրաւէ աննկարագրելի փլուզումի մը մարտահրաւէրը՝ մինչ պետութիւնը կը ջանայ բոլոր ուղղութիւններով հոգալ կարիքները:
Երեւանի ղեկավարութիւնը ամենաբարձր մակարդակի վրայ արձագանգեց սաստիկ երկրաշարժին, որու ծանր հետեւանքներու լոյսին տակ զօրակցութեան եւ վշտակցութեան պատգամներ հնչեցուց Անգարայի եւ Դամասկոսի ղեկավարութիւններուն։
Հուլուսի Աքար տեսակցեցաւ Սերտար Քըլըչի հետ, Մեհմէտ Մուշ խօսեցաւ սահմանադուռերու բացման մասին: