ՊԷՅՐՈՒԹԻ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ԿՐՕՆԱՍԷՐ ՏԻԿՆԱՆՑ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ ԴԵՂՕՐԱՅՔ ԿԸ ՓՈՒԹԱՑՆԷ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒՆ
Կը տեղեկանանք, որ Պէյրութի մէջ այս շրջանին կարեւոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս կու գայ Սուրբ Էջմիածնի կրօնասէր տիկնանց համախմբումը՝ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Անահիտ Տանձիկեանի։ Այս նոր նախաձեռնութիւնը կը վերաբերի կենսական նշանակութեամբ դեղօրայքի մատակարարման։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսը վերջերս պարգեւատրած է սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական ու բարերար Կիրակոս Գույումճեանը, որ միշտ կը խրախուսէ համահայկական ժառանգութեան պահպանումը եւ համահայկական հարթութեան վրայ համագործակցութիւնը կը ձգտի խթանել։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին կարեւոր յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ՝ Թուրքիոյ մէջ հաստատուած գաղթականաց վերադարձի հարցերուն շուրջ։
Մեծն եօթնեակի Հիրոշիմայի գագաթաժողովին մասնակցեցաւ նաեւ Ուքրայնայի նախագահ Զելենսքի:
Ըստ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարին, Հայաստան եւ Ատրպէյճան այժմ շատ մօտ են վերջնական համաձայնութեան - Մինչ յաջորդ շաբաթ նախատեսուած է փոխ-վարչապետներու գլխաւորած աշխատանքային խումբին հանդիպումը՝ օրակարգի վրայ է նաեւ Փաշինեան-Փութին-Ալիեւ նոր գագաթաժողովի մը հաւանականութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ՝ նախագահական ընտրութեան առաջին փուլի թեկնածուներէն Սինան Օղանի հետ, որու ապահոված աւելի քան 5 տոկոս քուէն անակնկալ կը համարուի քաղաքական մեկնաբաններուն կողմէ։
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր մեծ շուքով կը նշուի Մայիսի 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս առիթ կը դառնայ քաղաքացիական խոր գիտակցութեան թարմացման։
«Հրանդ Տինք» հիմնարկը կը շարունակէ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ լրագրողներու փոխադարձ այցելութիւններ կազմակերպել։ Արդէն յստակ ձեւաւորուած նախընթացներով ծրագիր մըն է այս մէկը, որու շրջանակներուն մէջ Թուրքիոյ ընտրութիւններուն հետեւելու համար վերջին օրերուն Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներէն ներկայացուցիչներ այցելեցին Իսթանպուլ։
Բաց երկնքին տակ կան, ըստ էութեան, կենդանին եւ իրեղէնը։ Երկրագունդը կը համատեղէ բնականն ու արհեստականը։ Անոնց պարզած պատկերը ներդաշնակութիւն է երբեմն, իսկ երբեմն ալ հաւասարակշռութիւն կամ հակադրութիւն։
Արարատ Միրզոյեան, Սերկէյ Լաւրով եւ Ճէյհուն Պայրամով վաղը ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ: