«ՄԱԼԱԹԻԱ ՀԱՅՏԵՐ»Ի ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Մալաթիահայոց հայրենակցական միութեան՝ «Մալաթիա Հայտեր»ի ընդհանուր ժողովը վերջերս գումարուելով ընտրեց նոր վարչութիւնը։ Սա միութեան հինգերորդ համագումարն էր, որու արդիւնքով վարչութեան առընթեր, ընտրուեցան նաեւ հակակշիռ եւ կարգապահական խորհուրդներու կազմերը։
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Անգարա-Ուաշինկթըն բանակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան օրակարգի կնճռոտ բոլոր հարցերը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ տեղեկացուց, որ այս տարի դարձեալ պիտի մասնակցի Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին։
Արցախի պաշարումը կը շարունակուի աւելի քան ամիսէ մը ի վեր՝ մարդասիրական բոլոր ծանր հետեւանքներով։ Առկայ հրատապ մթնոլորտին մէջ երէկ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հանդէս եկաւ ուշագրաւ յայտարարութիւններով։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյին Ամիր Ապտուլլահիանը։ Օրուան տեւողութեան հիւր նախարարը այցելեց նաեւ Պեշթեփէի համալիրը, ուր ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութեան հարցին մէջ անհրաժեշտ է միջազգային ներգրաւուածութիւն։
Անգարա-Ուաշինկթըն օրակարգին կուտակուած բարդ խնդիրներուն շուրջ բարձր մակարդակի վրայ քննարկման հնարաւորութիւն:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Զրոյցի ընթացքին նախարարը եւ ընդհանուր քարտուղարը առաջնահերթօրէն քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ստեղծուած մարդասիրական տագնապին մանրամասնութիւնները՝ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի փակման հետեւանքով։
CRR-ի երդիքին տակ, Հարպիյէ, կիրակի երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Թրքական երաժշտութեան մէջ հայ յօրինողներ» խորագրեալ հերթական համերգը։ Երկար տարիներէ ի վեր կը կազմակերպուին նմանաբնոյթ համերգներ, որոնք միշտ ալ կ՚արժանանան հետաքրքրութեան։