Լրահոս

2023 ՏԱՐՈՒԱՆ ՅՈԲԵԼԵԱՐՆԵՐ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Եթէ կենսագրութիւնը մարդու մը դիմանկարն է, անոր անցած ճամբան՝ իր ելեւէջներով, վերիվայրումներով, որոնք հնարաւորութիւն կու տան ըսելու, թէ մարդը ուրկէ՜ ուր հասած է եւ ինչե՜ր կատարած է իր կեանքի ընթացքին, ապա ուրեմն յոբելենական թուականները անկիւնադարձային հետեւանք ունենալով հանդերձ, կ՚ապահովեն նոյն այդ անհատին գոյութիւնը, յարատեւութիւնը, բարգաւաճումն ու կենսունակութիւնը։

ՎԵՐՋԻՆ ԵՂԵՒԻՆԸ…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այս պատմութիւնը իրական է, Մեխակեաններու ընտանիքին մասին է: Բազմանդամ ընտանիք էին Մեխակեանները: Երիտասարդ Սուրէնը ունէր մայր մը, հայր մը, շատ երեխաներ եւ այդ մեծ ընտանիքին անվերջ ծառայող կին մը, որ իմ պզտիկ մօրաքոյրս է:

ՏԱՐԵՎԵՐՋԸ, ԲԱՐԵՄԱՂԹԱՆՔՆԵՐԸ ԵՒ ՍՊԱՍՈՒԱԾ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆԸ

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Իւրաքանչիւր տարի, ամանորեան եւ Ս. Ծնունդի տօներու այս օրերուն, մարդիկ կ՚ապրին տօնական եռուզեռի մէջ: Այս առիթով շուկաները եւ առեւտուրը կ՚աշխուժանան, մարդիկ հեւքի մէջ կ՚ըլլան՝ պատրաստելու ամանորեան ամենէն համադամ ճաշերը եւ անուշեղէնները, նաեւ կը մտածեն, թէ ինչպէ՛ս պիտի ուրախացնեն իրենց սիրելիները՝ սիրուն նուէրով մը:

ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լաչինի միջանցքէն մինչեւ Ուքրայնայի պատերազմ. Հայաստան կը հաշուարկէ հաւանականութիւններ:
Մոսկուա դիրքերը վերականգնելու պարագային կրնայ շարժման անցնիլՀարաւային Կովկասէ ներս վերահաստատուելու համար եւ Վարդանեանը կը դարձնէ գործօն՝ թէ՛ Արցախի եւ թէ Երեւանի մէջ իր քաղաքական գիծը յառաջ տանելու առաջադրութեամբ:

ԱՆԿԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՓՈՐՁԱՔԱՐ

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ ամփոփ յայտարարութիւններ ըրաւ Լաչինի միջանցքի փակման մասին։ Ըստ իրեն, այս վերջին իրադարձութիւնները, անկասկած, Հայաստանի տեսակէտէ անկեղծութեան ստուգման փորձաքար պիտի ըլլան։

ԸՍՏ ՌՈՒԲԷՆ ՎԱՐԴԱՆԵԱՆԻ, ՇՐՋԱՓԱԿՈՒՄԸ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ՇՈՈՒՆ Է

Արցախի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան երէկ հարցազրոյց մը տուաւ «France24» հեռուստակայանին։ Լեռնային Ղարաբաղի պաշարումով, Լաչինի միջանցքի փակ վիճակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ, Ռուբէն Վարդանեան Ստեփանակերտէն տեսակապով միացաւ այս հեղինակաւոր հեռուստակայանի ուղիղ եթերին։

Էջեր