ՄԵԾ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՁԵՌՆԱՐԿ՝ Ի ՅԻՇԱՏԱԿ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ԳԻՒՂԱԳԻՐ ՄԿՐՏԻՉ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆԻ
Յայտնի գիւղագիր Մկրտիչ Մարկոսեան երէկ երեկոյեան յատկանշական ձեռնարկով մը ոգեկոչուեցաւ Մեծ կղզիի մէջ։ Մկրտիչ Մարկոսեանի մահուան առաջին տարելիցին առթիւ կազմակերպուած հաւաքոյթը տեղի ունեցաւ «Չելիք Կիւլերսոյ» մշակոյթի կեդրոնի համալիրէն ներս։
Թէեւ ո՛չ լրիւ բոլորաձեւ, բայց մարդուս աչքը կլորի վրայ է։ Առանց հաշուելու կոպերը՝ աչք ըսուածը գնդիկ մըն է։ Առանց հաշուելու կոպերը՝ աչք ըսուածը գնդիկ մըն է։
Հայաստանի վարչապետը ամփոփեց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի արտահերթ նիստին արդիւնքը:
Վրաստանի եւ Իսրայէլի միջեւ ազատ առեւտուրի շուրջ բանակցութիւններ պիտի սկսին յաջորդ տարի։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Իսրայէլ, ուր հիւրընկալուեցաւ վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի կողմէ։
Թեհրան-Ռիատ առանցքին վրայ ձիւնահալը թափով կը շարունակուի՝ ամենաբարձր մակարդակի վրայ այցելութիւններու փոխանակումով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան այս օրերուն կ՚այցելէ Սէուտական Արաբիա։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ելոյթ մը ունեցաւ համաշխարհային կազմակերպութեան հրատապ նիստին. «Հակառակ աշխարհաքաղաքական տարաձայնութիւններուն, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը կրնայ հանդէս գալ՝ որպէս ցեղասպանութեան կանխարգելման, այլ ո՛չ թէ ոգեկոչման կառոյց»։
Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ համագործակցութիւնը կ՚ամրապնդուի՝ վերականգնուող ուժանիւթի հեռանկարային ոլորտի պարագային։ Երէկ, երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուեցաւ ելմտական համագործակցութեան համաձայնագիր մը, որու ծիրէն ներս Գերմանիա 12 միլիոն եւրօ վարկ պիտի յատկացնէ Հայաստանին՝ վերականգնուող ուժանիւթի ոլորտը զարգացնելու նպատակով։
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը այսօր արտահերթ նիստ մը կը գումարէ Հայաստանի Հանրապետութեան դիմումին ընդառաջ:
Յառաջիկայ տարի նախատեսուած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ ներքին քաղաքական օրակարգը դարձեալ կեդրոնացած է Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի պարագային նախատեսուած ընտրապայքարին վրայ։ Երէկ, այժմու գլխաւոր քաղաքապետը՝ Էքրէմ Իմամօղլու յայտարարեց, որ Իսթանպուլը պաշտպանելու համար վերստին ճանապարհ դուրս կու գայ։