Լրահոս

ԵՐԿՈՒ ԲԱՆԱՁԵՒ

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

18 եւ 19 յունուարին յաջորդաբար Եւրոպական խորհրդարանը երկու աւելի քան ուշագրաւ բանաձեւեր որդեգրեց թէ՛ Հայաստան-Ատրպէյճան եւ թէ Արցախ-Ատրպէյճան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ:

ԵԳԻՊՏՈՍԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՄԵԿՆԻ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍ

Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ Էլ Սիսի վաղը երկօրեայ ուղեւորութեան մը կը ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Տարածաշրջանային այս ուղեւորութեան ծիրէն ներս Սիսի պիտի այցելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան։

ՌՈՒՍԱԿԱՆ ԴԵՐԻ ՁԵՒԱՓՈԽՈՒՄԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այս պահու դրութեամբ, Ռուսաստանը Հարաւային Կովկասի մէջ ձեռնունայն է՝ առանց Թուրքիա-Ատրպէյճան թանտեմին։ Ո՛չ միայն փոխուած են խաղի կանոնները, այլ իրավիճակը հասած է այնպիսի փուլի մը, ուր կը մատնուի Ռուսաստանի անգործութիւնը։

ՀԱՅ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ԿԵՆԴԱՆԻ ԱՌԱՍՊԵԼԸ՝ ԽՕՍՔԻ ԵՒ ՄԵՂԵԴԻԻ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿԻՆ

Այս ամսավերջին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ կարեւոր համերգ մը՝ նշանաւորումն հայ երաժշտութեան կենդանի առասպել Տիգրան Մանսուրեանի տարեդարձին։ Այս մեծ ձեռնարկը նախատեսուած է մաէսթրոյի ծննդեան օրը՝ յունուարի 27-ին, Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԲՈԼՈՐ ՅՈՒՆԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՍԱՆԵՐԸ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ ԱՐԺԱՆԱՑԱՆ Տ.Տ. ՊԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ Ա. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ

Քաղաքիս յոյն համայնքը ներկայ տարեմուտին ապրեցաւ մեծ ոգեւորութիւն՝ վերակենդանացնելով նաեւ իր աւանդութիւնները։ Այս շրջանակին մէջ յատկանշական էր՝ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած երիտասարդական ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Եըլտըզի «Քոնրատ» պանդոկի երդիքին տակ։

Էջեր