ԷՐՏՈՂԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՖԻՏԱՆԸ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ «Պետական բարձր ծառայութեան» մետայլով պարգեւատրեց արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը։ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի երէկուան ժողովէն առաջ Էրտողան այս պարգեւատրումը կատարեց՝ Հաքան Ֆիտանի կողմէ ՄԻԹ-է ներս ծաւալուած գործունէութեան համար։
Բնապահպանութեան, քաղաքաշինութեան եւ կլիմայի փոփոխութեան նախարար Մեհմէտ Էօզհասեքի յայտարարեց, որ Իսթանպուլի մէջ նախատեսուած մեծ երկրաշարժին դէմ ձեռնարկած են 4 փուլէ բաղկացեալ ծրագրի մը մշակման աշխատանքներուն։
«The Washington Post» հեղինակաւոր ամերիկեան թերթը վերջին օրերուն հրապարակած խմբագրականներէն մէկուն մէջ «աւազակապետութիւն» որակեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակազմը։
«The Wall Street Journal» ամերիկեան հեղինակաւոր թերթը գրեց, որ Սէուտական Արաբիան եւ Իսրայէլը բնականոնացման ճանապարհը բռնած են՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վաղը պիտի մեկնի Հաթայ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շաբաթավերջին Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պիտի նախագահէ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարի արարողութիւններուն եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը։
«Թուրքիա դիրքաւորուած է երեք ցամաքամասերու սրտին վրայ եւ չի կրնար ձեռնունայն հետեւիլ իրադարձութիւններուն»:
Ընդհանուր սպայակոյտի նախագահութեան հետախուզութեան բաժնի պետ զօրավար Իսմայիլ Կիւնայտըն վերջերս այցելեց Պաքու, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ եւ պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ զօրավար Քերիմ Վելիեւի կողմէ։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրակազմէն Պիանքա Սարըասլան, որ վերջին օրերուն այցելեց Հայաստան, երէկ վերադարձաւ Թուրքիա։ Շուրջ մէկ շաբթուան կեցութենէ մը վերջ «FlyOne Armenia»ի Երեւան-Իսթանպուլ ուղիղ թռիչքով ան երէկ առաւօտ հասաւ քաղաքս։
Պաշարեալ Արցախի իրադրութեան բնութագրումը հետզհետէ կը դժուարանայ։ Հայաստանէն Լեռնային Ղարաբաղ ուղարկուած մարդասիրական օժանդակութիւնը արդէն 12 օրէ ի վեր տեղ հասցնել հնարաւոր չ՚ըլլար։