ԱՆՇԵՂ ԱՌԱՆՑՔՆԵՐ
Անգարա Պաքուի հետ շփումներու ծիրին մէջ միշտ կը պնդէ Զանգեզուրի միջանցքի բացման վրայ:
Էրտողան եւ Ֆիտան հիւրընկալեցին Պայրամովը, որու հետ ծաւալուած քննարկումներու լոյսին տակ հրապարակուեցան յստակ համերաշխութեան պատգամներ. «Լաչինը Ատրպէյճանի տարածք է եւ ան կրնայ ամէն տեսակ գործողութիւն կատարել այնտեղ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան Թեհրանի մէջ հիւրընկալեց Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Միքտատը։ Բանակցութիւններէն վերջ Թեհրանէն ուշագրաւ պատգամներ հասցէագրուեցան Անգարային։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ կը նախատեսուի հեռախօսազրոյց մը։ Իրականութեան մէջ, Էրտողան-Փութին շփումները այնքան յաճախակի էին, որ գրեթէ ընթացիկ բնոյթ ստացած էին, սակայն, վերջին շրջանին Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ ստեղծուած մթնոլորտը անոնց դարձեալ տարբեր նշանակութիւն մը տալ սկսած է։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս առթիւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղարը Ատրպէյճանի նախագահի նկատառման յանձնեց Լաչինի միջանցքով ազատ տարանցման հրատապ անհրաժեշտութիւնը։
Արցախի պաշարումով պայմանաւորուած ծանր իրավիճակին մէջ, առկայ մարդասիրական տագնապի մթնոլորտը շաբաթավերջին քիչ մը եւս խորացաւ Ատրպէյճանի հերթական տմարդի արարքով։
Երկագունդը մեծ խառնարան մըն է։ Անսահմանափակ զանազանութիւններու բեմահարթակն է երկիր մոլորակը։ Օդին ու ջուրին մէջ, նաեւ ցամաքի վրայ՝ ամէն իմաստով տեսակաւորութիւն կը տիրէ ամէնուրեք։ Աշխարհի վրայ տարբերութիւններու հիմնական կրողներէն մին է նաեւ մարդը, որ բնութեան արարչագործութեան վառ դրսեւորումն է, գագաթը, միանշանակ։
Մարզպետ. «Արցախահայութիւնը սովամահութեան մատնած Ատրպէյճանը կը խօսի համարկման մասին»:
Փեքինի եւ Թիֆլիզի ղեկավարութիւնները կ՚ընթանան ռազմավարական գործընկերութիւն մը հաստատելու ճանապարհին։ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի վերջին օրերուն այցելեց Չինաստան։