ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ-ԿԱՍՊՐՉԻՔ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Երեւանի մէջ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Անճէյ Կասպրչիքը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանային անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։
Ռուսաստանի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին այսօր երկօրեայ այցելութիւն մը կու տայ Հայաստան՝ մասնակցելու համար Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան վարչապետներու հաւաքին։
Հայաստանի հասարակական կարեւոր կազմակերպութիւններէն «Թաթոյեան» հիմնադրամը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, ըստ որու, Ատրպէյճանի իշխանութիւնը աշխուժացուցած է Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ դէմ թշնամանքը։
Միջազգային լրահոսին վրայ երէկ ռումբի ազդեցութիւն գործեցին՝ Ռուսաստանի մէջ պատահած օդանաւի արկածի մը մասին լուրերը։ Այսպէս, Մոսկուա-Սեն Փեթերսպուրկ ուղղութեան վրայ թռիչքի ժամանակ՝ Ռուսաստանի մայրաքաղաքի հարաւին անկում ունեցաւ մասնաւոր ինքնաթիռ մը, որու ուղեւորներու շարքին կը գտնուէր «Վակներ» վարձկան զինեալներու խմբաւորման հիմնադիր ու ղեկավար Եւկենի Փրիկոժին։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ վերջերս լոյս տեսած է համակրելի պրպտող Նեսիմ Օվատիա Իզրայիլի նոր գիրքը, որ կը կոչուի «Tanzimat, İstibdat ve Meşrutiyet Tiyatrosunda Mardiros Mınakyan (Türk Devlet Tiyatrosu Darülbedayi)»։
«Պաքու մարտահրաւէր կը նետէ՝ կայունութեան հաստատման ուղղեալ միջազգային հանրութեան ջանքերուն»:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս առաւօտ ընդունեց Պելժիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաճա Լահպիպը, որ կ՚այցելէ Երեւան։ Երկու նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը եւ օրուան տեւողութեան կը գլխաւորեն պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։
Համահայկական 8-րդ խաղերը շաբաթավերջին եզրափակուեցան՝ Գառնիի մէջ կազմակերպուած հանդիսաւոր արարողութեամբ։ Պատմական մեհեանին շուրջ համախմբուեցան հազարաւորներ, որոնք վառ տպաւորութիւններ ունեցան խաղերէն եւ յուզումնախառն զգացումներով հրաժեշտ տուին իրարու։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի պայմաններով արդէն ամբողջ աշխարհի տեսակէտէ լուրջ հարց մը դարձած է հացահատիկի մատակարարումը։ Թուրքիոյ ջանքերով կեանքի կոչուած Սեւ ծովու նախաձեռնութիւնը, որով «հացահատիկի միջանցք մը» բացուած էր, արդէն ամիսէ մը ի վեր դադրած է։ Ռուսաստան մերժած է երկարաձգել այդ գործարքը՝ հաշուի առնելով իր զգայնութիւնները։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ միջազգային բեմահարթակի վրայ զանազան որոնումներ յառաջ կը տարուին հացահատիկի գործարքը փոխարինելու համար։