ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՏՈՒՊՐՈՎՆԻՔԻ ՄԷՋ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս օրերուն Խրուաթիոյ մէջ կը մասնակցի Տուպրովնիքի համաժողովին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան ներկայ կը գտնուի՝ «Համաշխարհային կարգը խախտուած. ինչպէս կայունացնել համաշխարհային քաղաքականութիւնը» խորագրեալ քննարկման։
Արդարադատութեան միջազգային ատեանը վերահաստատեց իր դատավճիռը, որպէսզի Լաչինի միջանցքով ապահովուի ազատ տեղաշարժը։ ՄԱԿ-ի դատարանը այս ուղղութեամբ անցեալ փետրուարի 22-ին արձակած էր վճիռ մը, որով Ատրպէյճանը պէտք է պարտաւորեցուէր՝ ձեռնարկելու համար բոլոր միջոցները, որպէսզի երաշխաւորուի Լաչինի միջանցքով քաղաքացիներու, փոխադրամիջոցներու եւ բեռներու՝ երկու ուղղութիւններով անխափան տեղաշարժը։
Պաքուի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ Փարիզը թիրախաւորել՝ Երեւանի կողքին միակողմանիօրէն դիրք գրաւելու պնդումներով։ Վերջին օրերուն Ատրպէյճան-Ֆրանսա-Հայաստան առանցքին վրայ ծագեցաւ բանավէճ մը։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը բոլոր հարթութիւններու վրայ ուշադրութեան կիզակէտին կը պահէ Հայաստանի եւ Արցախի առկայ մարտահրաւէրները:
Յառաջիկայ շաբաթ Վիլնիուսի մէջ նախատեսուած է ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, որուն ընդառաջ երէկ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ բարձր մակարդակի վրայ կարեւոր հանդիպում մը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննայի հետ։ Արցախի ամբողջական շրջափակումով պայմանաւորուած մարդասիրական տագնապի եւ Երեւան-Պաքու խաղաղութեան որոնումներու յարաբերաբար դանդաղած իրավիճակին մէջ տեղի ունեցաւ այս շփումը։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնի վրայ խօսեցան Լեռնային Ղարաբաղի վիճակին շուրջ:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ Պաքուի մէջ ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Չմիաւորման շարժման անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին առթիւ Պաքու մեկնած էր Ֆիտան, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան յառաջատար դէմքերուն հետ ունեցաւ նաեւ առանձին հանդիպումներ։
Դէպի Ուաշինկթըն աշխատանքային այցելութեան շրջանակներէն ներս, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հանդիպում մը ունեցաւ Ատլանտեան խորհուրդի փորձագէտներուն հետ։ Կը հաղորդուի, որ Ատլանտեան խորհուրդի մտքի կեդրոնի փորձագէտներուն առընթեր, հաւաքոյթին մասնակցեցան նախկին դեսպաններ եւ այլ մտքի կեդրոններու վերլուծաբաններ։
Տեսադաշտիդ մէջ յայտնուած դրուագները յաճախ կ՚ունենան տարբեր չափումներ։ Միշտ կ՚ըլլան մէկ կողմէ բո՛ւն տեսածդ, իսկ միւս կողմէ այդ տեսածիդ առթած տպաւորութիւնով պայմանաւորուած՝ ընկալածդ։ Չէ՞ որ, հակասութիւններու խճուղիի մը վրայ ես կեանքի մէջ։