Լրահոս

ԹՈՊԻԱՍ ԼԻՆՏՆԵՐԻ ՇՓՈՒՄՆԵՐԸ

Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական նախարար Թոպիաս Լինտներ երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ընդունուեցաւ նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, գերմանացի բարձրաստիճան դիւանագէտը ներկայիս տարածաշրջանային այցելութեան մը ձեռնարկած է։

ՅՍՏԱԿ ՎԵՐՋՆԱԳԻՐ

Էրտողան յիշեցուց, որ ռուս խաղաղապահները պէտք է մինչեւ 2025-ը մնան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
Երեւան ահազանգ կը հնչեցնէ Արցախի պարագային սովի վտանգին դէմ: Պրիւքսելի շաբաթավերջի գագաթաժողովին ընդառաջ, Պլինքըն փաշինեանէն վերջ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ նաեւ Ալիեւի հետ:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովին 4-րդ նիստը՝ փոխ-վարչապետներու գլխաւորութեամբ:

ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐ ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՊԱՅՏԸՆ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ՆԱԹՕ-Ի ՎԻԼՆԻՈՒՍԻ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻ ՇՐՋԱՆԱԿԻՆ ՄԷՋ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։ ՆԱԹՕ-ի Վիլնիուսի գագաթաժողովէն ներս տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որ տեւեց շուրջ 1 ժամ 15 վայրկեան։

ՎԱՍՏԱԿԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Սփիւռքահայ հեղինակաւոր գիտնականը Լոս Անճելըսի մէջ մահկանացուն կնքեց 90 տարեկան հասակին:
Փրոֆեսէօր Ռիչըրտ Յովհաննիսեան կը թողու անկրկնելի ժառանգութիւն մը՝ պատմագրութեան բնագաւառէն ներս:

ՓԱՇԻՆԵԱՆ-ՊԼԻՆՔԸՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները անդրադարձան տարածաշրջանէն ներս հաստատուած իրադրութեան, Հայաստան-Ատրպէյճան ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրին շուրջ բանակցութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան ապահովման համար անհրաժեշտ քայլերուն՝ ներառեալ Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութիւնը։

Էջեր