ՄԻՇՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՈՂՔԻՆ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանէն երկար տարիներ առաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուած սփիւռքահայ ազգային գործիչ Վահան Պզտիկեան վերջերս մեր հարցումներուն պատասխանեց Երեւանի մէջ։ «Մենք միշտ ալ հայրենիքի կողքին ենք», ըսաւ հարցազրոյցի ընթացքին Վահան Պզտիկեան, որու հետ մեր տեսակցութեան սղագրութիւնը կը ներկայացնենք ստորեւ։
Հայաստանի մէջ ընդդիմադիրներուն ենթարկուած վերաբերմունքը կը խորացնէ հասարակութեան պառակտումը:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան նախընթաց օր տեսակցեցաւ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի համալիրէն ներս։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այսօր Պաքու կ՚այցելէ՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հրաւէրին ընդառաջ։ Կը հաղորդուի, որ Հաքան Ֆիտան Պաքուի մէջ կը մասնակցի Չմիաւորման շարժման անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին։
Մինչ Հարաւային Կովկասէ ներս հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակումը կը շարունակէ օրակարգի վրայ առաջնահերթութիւն ներկայացնել, Ռուսաստան եւ Իրան արդէն որոշած են կառուցել Հիւսիս-հարաւ միջանցքի երկաթուղային հատուածը։
Զօրակցութիւնը, առաջին հայեացքով, կը թուի ըլլալ միակողմանի։ Բարդ պահուն մէկը կ՚աջակցի միւսին։ Առ երեւոյթ կայ մէկը, որ միւսին օգնութեան կը հասնի։ Բայց մարդկային կեանքին մէջ ամէն ինչ միթէ այդքան պա՞րզ է։ Երկու կամ աւելի անձի միջեւ ամէն ինչ փոխադարձ չէ՞։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիստինա Քվին յայտարարեց, որ եթէ ապագային հնարաւոր ըլլայ շինիչ աշխատանք ծաւալել ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի շրջանակին մէջ, ապա իր երկիրը դէմ պիտի չըլլայ։
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական եւ երախտաշատ բարերար Կիրակոս Գույումճեան կը շարունակէ խթանել նոր սերունդներու ուսումնառութիւնն ու կատարեալ պատրաստութիւնը։ Իր կողմէ սփիւռքահայ աշակերտներու համար հաստատուած «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» տարեկան մրցանակի յանձնման արարողութիւնը այս տարի եւս առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։
Երեւան եւ Պաքու Ուաշինկթընի բանակցութիւններով խորացուցին չլուծուած հարցերու շուրջ դիրքորոշումներու ըմբռնումը: