Թրքահայ կեանք
ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ չորրորդ դասարանի աշակերտներուն տարեվերջի հանդիսութիւնը։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Գատըգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ, ծնողներ եւ հիւրեր։ Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու եւ կրթական մշակները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին հանդիսութեան բոլոր մասնակիցները։
ՇԻՇԼԻՑԻՆԵՐԸ ԱԽՈՅԵԱՆ
Շիշլի մարզակումբի ճատրակի կազմը ախոյեան հանդիսացաւ Իսթանպուլի ակումբներու առաջնութեան շրջագծով։ Գարթալի քաղաքապետութեան մարզասրահին մէջ, 23-31 Մայիս թուականներուն տեղի ունեցաւ մրցաշարքը, որու ընթացքին շիշլիցիները յաղթական դուրս եկան իրենց բոլոր հանդիպումներէն։
ԴՊՐԵՎԱՆՔՑԻՆԵՐՈՒ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ
Շաբաթավերջին Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը արտասովոր խանդավառութիւն ապրեցաւ տարեկան շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, դպրեվանքցիները այս շրջագծով Կիրակի առաւօտ այցելեցին Շիշլիի ազգային գերեզմանատունը, ուր իրենց խոնարհումը բերին հաստատութեան հիմնադիր երանշանորհ Տ. Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեանի շիրմին մօտ։
ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆՆԵՐՈՒՆ ԵՐՋԱՆԻԿ ՕՐԸ
Գալփաքճեան ընտանիքը շաբաթավերջին ապրեցաւ մեծ երջանկութիւն։ Այսպէս, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի երէցներէն, թերթիս սիւնակագիր Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի սիրասուն թոռնիկին՝ Արա-Ժոզէֆ Գալփաքճեանի։
ԹԱՆԳԱՐԱՆԻ ՃԱՆԱՉՈՒՄ
Պատրիարքական Աթոռի թանգարանը ստացաւ պաշտօնական ճանաչում։ Ինչպէս ծանօթ է, Պատրիարքարանի պատմական համալիրէն ներս վերջին տարիներուն սկսած է գործել Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն Յովհաննէս Թ. Բաղիշեցի Կոլոտ Պատրիարքին անուան ձօնուած թանգարանը, որուն ներկայիս շնորհուած է պաշտօնական կարգավիճակ։
ԱՒԵՏԻՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՆՈՒԱԳԱՀԱՆԴԷՍԸ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ
Երէկ երեկոյեան Սամաթիոյ «Աճառեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Աւետիս Արզումանի մանտոլինի դասընթացքին մասնակից փոքրիկներուն երաժշտահանդէսը, որ ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն։ Աւետիս Արզումանի սաները անցեալ եղանակին մեծ կարգապահութիւնով ու եռանդով հետեւեցան մանտոլինի դասերուն, իսկ երէկուան տարեվերջի հանդիսութիւնը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի անոնք իրենց աշխատանքին արդիւնքը ներկայացնեն բոլորին։
ՆԿԱՐՉՈՒՀԻ ՀԻԼՏԱ ՃԻՎԱՆԵԱՆԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՄՈՏԱՅԻ ԾՈՅԱՅԻՆ ԱԿՈՒՄԲԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ
Երէկ յետմիջօրէին, Մոտայի Ծովային ակումբի գեղարուեստասրահին մէջ տեղի ունեցաւ նկարչուհի Հիլտա Ճիվանեանի անհատական ցուցահանդէսին բացումը։ Սա իր երկրորդ անհատական ցուցահանդէսն է, որուն ընթացքին ներկայացուած են ստեղծագործութիւններ, որոնք կը ցոլացնեն զանազան խաղերու եւ գրատեսակներու վերաբերեալ մեկնաբանական դրուագներ։
ՏԻՅԱՐՊԱՔԸՐԻ ՄԷՋ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Հանդիսապետութեամբ եւ հաւանութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի:
Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան պատարագեց եւ քարոզեց Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ երդիքին տակ:
ՓԱՌԱՇՈՒՔ ԽՈՐՀՐԴԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ փոքրիկն Լինա Շիրինօղլուի Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութիւնը։ Ան դուստրն է Արթօ-Նաթալի Շիրինօղլու ամոլին եւ թոռնիկը՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի։