ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆ
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի հիմնադրութեան 63-րդ տարեդարձին առթիւ կրօնական եւ աշխարհիկ փայլուն հանդիսութիւններ՝ Գումգաբուի մէջ:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ համախմբուած համայնքային շրջանակները արձանագրեցին հերթական յաջողութիւնը՝ հաւասարակշռելով տարեկան պիւտճէն:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ֆէրիգիւղի սանուց միութիւնը ներկայիս հետամուտ է թատերական ծրագրի մը։ Միութենէն ներս ստեղծուած է նոր թատերախումբ մը, որ կը կոչուի «Բարեւ»։ Այս վերջինը կը խարսխուի յայտնի դերասան ու բեմադրիչ Սօսի Ճնտոյեանի փորձառութեան ու եռանդին վրայ։
Մխիթարեան վարժարանը 20-21 Յունուար թուականներուն յաջորդական կերպով տուն դարձաւ Բարեկենդանի աշակերտական խրախճանքներու: Քանի որ այս տարի Բարեկենդանը կը զուգադիպի դպրոցական կիսամեայ արձակուրդին, վարժարանի տնօրէնութիւնը յարմար տեսած էր Մեծ պահքի շրջանէն առաջ պատշաճ կերպով տօնա-խըմբել այս յատուկ զուարճութեան տօնը:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահականացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի սիրուած ու յարգուած դէմքերէն Ժիլպէռ Բարունակեան, որ երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուէր դարմանման տակ։ Ան տասնամեակներ շարունակ նուիրեալ ծառայութիւն մատուցած էր մեր հաւաքական կեանքէն ներս։
ԱՆՆԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆ