ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՀԻՒՐԵՐ
Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի վերատեսուչն ու տեղակալը պիտի այցելեն քաղաքս:
Արմէն Տէր-Կիւրեղեան եւ Աշոտ Ղազարեան երկօրեայ խտացեալ ծրագրով մը շփումներ պիտի ունենան թրքահայ համայնքային շրջանակներուն հետ: Տեսակցութիւն մըն ալ նախատեսուած է Թուրքիոյ կարգ մը յառաջատար համալսարաններու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ, գործակցութեան հեռանկարով:
Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի Ս. Պատարագ մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին ուրարակիր Արա Էօզկիւնտիւզ եւ այլ դպիրներ։