ԴԱՐԵՐՈՒ ՄԻՋԵՒ ԵՐԹԵՒԵԿ
«ԺԱՄԱՆԱԿ-100» մատենաշարէն հրատարակուած առաջին երեք գիրքերու համատեղ շնորհանդէսը փայլուն անցաւ՝ շաբաթավերջին բնորոշելով համայնքային օրակարգը։
Ներկան եւ անցեալը… ընդելուզուած։
Սեւան Տէյիրմենճեանի աշխատասիրութեամբ լոյս տեսած Քասիմի, Երուխանի եւ Զարդարեանի գործերուն մասին հանգամանօրէն արտայայտուեցան այլին Գօչունեան, Իշխան Չիֆթճեան, Վարդան Մատթէոսեան եւ Վահէ Թաշճեան, որոնք կանգ առին պատմութեան եւ արդի ժամանակներու զուգահեռականներուն վրայ: «Անատոլու Քիւլթիւր»ի աջակցութեամբ կազմակերպուած նիստը վարեց Սագօ Արեան։
Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցած յատկանշական ու եզակի ձեռնարկը պատուեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան։
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ գահակալներէն Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի՝ վախճանման տարելիցին առթիւ։ Արարողութիւններուն հանդիսապետեց Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Սահակեան Դպրաց Դաս-երգչախումբը շաբաթավերջին փութաց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մնայուն բնակիչներու այցելութեան։ Խումբը գլխաւորեց դպրապետ Խաչիկ Սարկաւագ Սարըլը։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Երկուշաբթի տեղի ունեցաւ Մեծ պահոց շրջանի առաջին Արեւագալի ժամերգութիւնը, որուն նախագահեց եւ քարոզեց Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։
«Մարալ» միութիւնը կը պատրաստուի հանդէս գալ ներկայացումներու շարքով մը։ Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու «Մարալ» միութեան ներկայացուցիչները՝ Մարի Աքպաշ, Սելմա Մելեքեան, Լեռնա Փափազեան եւ Ալին Քումրալ։