«ՄԱՐԱԼ»Ի ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ՊՏՈՅՏԸ
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթի փոքրիկները շաբաթավերջին իրականացուցին անմոռանալի պտոյտ մը դէպի Սկիւտար։ Էսաեան սանուց միութեան վարչայիններուն եւ պարուսոյց Կարպիս Չափքանի գլխաւորութեամբ խումբը Գալֆաեան Տան ննջարանի բաժնի պարտէզին մէջ համախմբուեցաւ դաշտահանդէսի մը առթիւ։