ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ԸՆԹԱՑԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՈԳԵՒՈՐ ՀՐԱԺԵՇՏԸ
Գումգաբուի ընտանիքը երէկ երեկոյեան փայլուն հանդիսութիւնով մը հրաժեշտ տուաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Աւանդական հրաժեշտի երեկոյթը տեղի ունեցաւ Պէզճեան սրահին մէջ, ուր ընթացաւարտներն ու իրենց ծնողները համախմբուեցան ընթրիքի սեղաններու շուրջ։
Պատրիարքական Աթոռոյ Պատկառելի Կրօնական Ժողովը, 13 Յունիս 2016, Երկուշաբթի, նախագահութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ։ Ժողովական Հայրերը քննարկեցին Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Րէճէպ Թայյիպ էրտողանի յղուած նամակին պատճառով վերջին օրերուն յառաջացած հակազդեցութիւնները։ Ժողովական Հայրեր յետ խորհրդակցութեան որոշեցին իրենց խօսքը բաժնել համայնքի զաւակներուն հետ, ստորեւի զեկոյցով.