ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄ
Թուրքիոյ մէջ ապաստան գտած հայ գաղթականներուն առկայ հարցերն ու կարիքները հրատապ նշանակութիւն ստացած են մեր համայնքի օրակարգին վրայ:
Պատրիարքական Աթոռի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ պաշտօնապէս կազմուեցաւ մասնաւոր յանձնախումբ մը, որ պիտի համակարգէ աշխատանքները:
Կաթողիկէ աշխարհի Ս. Ծննդեան առթիւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շաբաթավերջին այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանը՝ շնորհաւորելու համար Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը։ Իրեն կ՚ընկերանային Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։