ՊԱՐԹԵՒ ԿԱՐԵԱՆ ԵՐԳԵՑ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան երդիքին տակ շաբաթավերջին երաժշտական ոգեւոր ձեռնարկ մը կազմակերպուեցաւ քաղաքիս Ասիական ափի համայնքային երեք վարժարաններու աշակերտներուն համար։

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Քրիստին Սալերի» հիմնարկը թափով կը շարունակէ իր գործունէութիւնը թէ՛ Իսթանպուլի եւ թէ արտասահմանի մէջ։ Անմահ նկարչուհի Քրիստին Սալերիի յիշատակը կենդանի պահելու առաջադրութեամբ կ՚աշխատի այս հիմնարկը, որ զուգահեռաբար ծնունդ կու տայ գեղարուեստական նոր շարժումներու։